Որոնել

2021.04.25 Ordinazione Sacerdotale

Խոստովանանքը` ողորմութեան քաղցրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապին գրառումը

Անտարբեր չմնանք։ Կիսատ հաւատք մը չապրինք։ Մենք ընդունեցանք ողորմութիւնը, ուրեմն դառնանք ողորմածներ։ Որովհետեւ եթէ սէրը կը վերջանայ մեր մէջ, հաւատքը կը չորնայ։ Առանց ողորմութեան գործերուն ան կը մեռնի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խոստովանանքը Խորհուրդն է` որ մեզ կը բարձրացնէ, որ մեզ չի թողուր մեր անկումներու կոշտ յատակներու վրայ լալով մնալու: Խորհուրդն է Յարութեան, անիկա բիւրեղ ողորմութիւն է։ Եւ ով որ խոստովանութիւնները կ՛ընդունի, պէտք է զգացնէ ողորմութեան քաղցրութիւնը: #Պահք

Գրառումն է սա, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կատարեց այսօր` 16 Փետրուար 2024ին եւ որուն պարունակութիւնը քաղուած է Անոր 11 ապրիլ 2021-ին արտասանած քարոզէն` Հռոմի Santo Spirito in Sassia-ի անուան եկեղեցւոյ մէջ Ողորմութեան կիրակիին առիթով։

«Մենք յաճախ կ՛իյնանք մեղքի մէջ, սակայն Հօր Աստուծոյ ձեռքը միշտ պատրաստ է մեզ դարձեալ ոտքի կանգնեցնելու եւ այդ վստահելի ձեռքը Խոստովանանքն է» ըսած էր այդ առիթով քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով նաեւ թէ «այսօր օրն է մենք մեզի հարց տալու «ես` որ շատ անգամ ընդունեցայ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, Անոր ներումը, Անոր ողորմութիւնը, իմ կարգիս ողորմա՞ծ եմ ուրիշներուն հետ։

Անտարբեր չմնանք։ Կիսատ հաւատք մը չապրինք։ Մենք ընդունեցանք ողորմութիւնը, ուրեմն դառնանք ողորմածներ։ Որովհետեւ եթէ սէրը կը վերջանայ մեր մէջ, հաւատքը կը չորնայ։ Առանց ողորմութեան գործերուն ան կը մեռնի։

Թոյլ տանք յարութիւն առնել խաղաղութեան, ներումին ու ողորմած Յիսուսին վէրքերուն միջոցաւ։ Խնդրենք շնորհքը դառնալու ողորմութեան վկաները։ Միայն այդպիսով հաւատքը կենդանի կը դառնայ եւ կեանքը կը միաւորուի։ Միայն այդպէսով մենք կը հռչակենք Աստուծոյ Աւետարանը, որ ողորմութեան Աւետարան է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2024, 13:30