Հրապարակային ունկնդրութիւն. Տրտմութիւնը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութեան կիզակէտը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի 7 Փետրուարին, շարունակելով մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին խորհրդածութիւնները, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան որպէս նիւթ ընտրեց տրտմութիւնը` «հասկցուած որպէս հոգիի վհատութիւն, մշտական տառապանք, որ թոյլ չի տար մարդուն ուրախութիւն զգալ իր գոյութեան համար»:
Երկու տեսակի տխրութիւն
«Եկեղեցւոյ հայրերուն կարծիքով տխրութիւնը երկու տեսակի են. Մէկ կողմէն՝ քրիստոնէական կեանքին պատշաճ տխրութիւնը, որ Աստուծոյ շնորհքով կը վերածուի ուրախութեան և մեզ կը տանի դէպի փրկութիւն։ Միւս կողմէն՝ տխրութիւնը, որպէս հոգիի հիւանդութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան սկիզբը, նկատել տալով, թէ ինչպէս առաջինը «մաս կը կազմէ ապաշխարութեան ուղեւորութեան», մինչ հարկ է «պայքարիլ երկրորդին դէմ` որովհետեւ ան կու գայ Չարէն»։
Ուստի կայ տրտմութիւն մը` որ կը տանի փրկութեան ինչպէս անառակ որդիի պարագային, որուն անառակ կեանքի հետեւանքով պատճառուած տրտմութիւնը զինք կ՛առաջնորդէ դէպի հօր տունը։ Այս մէկը շնորհք մըն է, որով կը յիշենք մեր շնորհքի կարգավիճակը։
«Կայ ապա երկրորդ տխրութիւն մը, որ Հոգիի հիւանդութիւն է եւ կը ծնի մարդու սրտէն, երբ այնտեղ կը պակսի իղձը կամ յոյսը։ Այստեղ կարող ենք յղում կատարել Ղուկաս աւետարանիչին պատմած Էմմաւուսի աշակերտներուն դրուագին։ Անոնք Երուսաղեմէն կը մեկնին յուսալքուած սրտով, եւ անոնց մօտ յայտնուած օտարականին կը խոստովանին թէ «իրենք յոյս ունէին Յիսուսին վրայ, որ պիտի ազատագրեր Իսրայէլը»։ Տրտմութեան շարժականութիւնը արդարեւ կապուած է կորուստի փորձառութեան հետ» ըսաւ ի մի այլոց Նորին Սրբութիւնը ։
Խուսափիլ յուսալքումէն
«Մարդու սրտին մէջ յոյսեր կը ծնին, որոնք յաճախ հիասթափութեան կը մատնուին։ Այդ մէկը կարող է ըլլալ իղձը բան մը ունենալու բայց որ կարելի չէ զայն ձեռք բերել...եւ երբ այս մէկը պատահի մարդուն սիրտը կարծես կը գլորի անդունդին մէջ եւ զգացումները կը դառնան յուսալքում, հոգիի տկարութիւն, հոգէ-ընկճուածութիւն եւ անհանգստութիւն։
Բոլորս ալ կ՛անցնինք անձկութեան պահերէ, որոնք մեր մէջ տխրութիւն կը հրահրեն...այսպիսի պահերուն ոմանք, անհանգստութեան ժամանակէ ետքը կը յանձնուին յոյսին, իսկ այլք` կը թաւալուին մելամաղձութեան մէջ, թոյլ տալով, որ տխրութիւնը սրտերը փճացնէ։
«Տխրութիւնը հաճոյք չունենալու հաճոյքն է» յարեց Քահանայապետը։ «Ան՝ բնական յոյզ, կարող է վերածուիլ վատ հոգեվիճակի։ Անիկա նենգ դև է, սրտի որդ, որ կը քայքայէ և կը դատարկէ զինք հիւրընկալողները։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ մտածենք Յիսուսին որ մեզի կը բերէ յարութեան ուրախութիւնը։
Ուստի երբ տխուր ենք պահ մը կանգ առնենք եւ մտածենք թէ ինչ տեսակի տրտմութիւն կ՛ապրինք ու անոր համեմատ հակազդենք։ Տխրութիւնը կարող է մեզ տանիլ յոռետեսութեան, եսասիրութեան մը որմէ դժուար է բուժուիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ