Ծուլութեան դէմ պայքարիլ հաւատքի համբերութեամբ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Գլխաւոր մոլութիւններու շարքին կայ մոլութիւն մը, որ քիչ ճանչցուած է, Ծուլութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «ծուլութիւնը պատճառ ըլլալէ աւելի հետեւանք է»։ Բառը ունի յունական արմատ եւ կը նշանակէ ներքին կեանքի «խնամքի պակաս» եւ «կը մղէ դժկամութեան կամ հոգևոր ծուլութեան՝ մինչեւ զզուանքի աստիճան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 14 Փետրուար 2024ի առաւօտեան, որ ըստ լատինաց նաեւ Օր մոխրոց է, Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճն մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։

Ծուլութիւնը

Շարունակելով մի քանի շաբաթներ առաջ սկսած մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապը խօսեցաւ ծուլութեան մասին։

«Գլխաւոր մոլութիւններու շարքին կայ մոլութիւն մը, որ քիչ ճանչցուած է, Ծուլութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «ծուլութիւնը պատճառ ըլլալէ աւելի հետեւանք է»։ Բառը ունի յունական արմատ եւ կը նշանակէ ներքին կեանքի «խնամքի պակաս» եւ «կը մղէ դժկամութեան կամ հոգևոր ծուլութեան՝ մինչեւ զզուանքի աստիճան»։

Ասիկա սարսափելի փորձութիւն է, ուր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնները կը դառնան ձանձրալի, նուիրուածութեան արարքները անօգուտ, իսկ մեր դէմ պայքարն իմաստէ զուրկ։

Կէսօրուայ դեւ

Ծուլութիւնը սահմանուած է, որպէս «կէսօրուայ դև», որ մեր վրայ կը ներխուժէ օրուան կամ կեանքի այն պահուն երբ յոգնութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին եւ օրուան մնացած ժամերը մեզի կը թուան միապաղաղ...ծուլութիւնը մեզի արգելք կը հանդիսանայ հոգատարութեամբ կամ կիրքով կատարելու մեր գործերը, անիկայ մեզ կը ստիպէ ազատութիւն տալ ցնդածութեան, կամ ոչ մէկ բանի մասին մտածելու ցանկութեան:

Ծուլութենէ բռնուած մարդուն համար, կեանքը կը կորսնցնէ իմաստ, աղօթելը կը դառնայ ձանձրանալի, իւրաքանչիւր պայքար կը թուայ անիմաստ:

Հաւատքի համբերութիւնը

Այս մոլութեան դիմաց հոգեւորականութեան վարդապետները կը նախատեսեն տարբեր դարմաններ, անոնցմէ ամենակարեւորը «հաւատքի համբերութիւնն է»...հարկ է առ այդ քաջութիւնը ունենալ հաւատքի համբերութեան միջոցաւ ընկալելու ապրուած իրավիճակին իրականութիւնը, որ միշտ ալ բնակուած է Յիսուսով։ Ծուլութեան դեւը կ՛ուզէ կործանել երջանկութիւնը կ՛ուզէ քեզի հաւատալ տալ, թէ ամէն բան ունայն է, որ ոչ մէկ բան իմաստ ունի, եւ թէ չարժէր հոգ տանիլ բաներուն ու մարդոց։

Պայքարիլ ծուլութեան դէմ

Ծուլութիւնը վճռական ճակատամարտ է, զոր պէտք է յաղթել ամէն գնով։ Պայքար` որ չի խնայեր ոչ իսկ սուրբերը, որոնք իրենց օրագրութիւններուն մէջ խօսած են ահռելի այդ պահերու մասին, ուր ամէն ինչ մութ կը թուար։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն գիշերը դիմագրաւել համբերութեամբ ընկալելով հաւատքին աղքատութիւնը։ Ծուլութեան դիմաց դիմենք ու մեր աչքին առջեւ ունենանք աւելի փոքր յանձնառումներ, զոր կարելի է ձեռք բերել, ու միեւնոյն ժամանակ դիմադրենք, յարատեւենք, հենելով Յիսուսին, որ երբեք մեզ չի թողուր փորձութեան ժամանակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2024, 09:20

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >