Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց «São Tomé e Príncipe» հանրապետութեան Վարչապետին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Հինգշաբթի մէկ Փետրուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «São Tomé e Príncipe» Ժողովրդավարական հանրապետութեան Վարչապետ Տիար Փաթրիս Էմերի Թրովոատային որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՜ընկերանար Հայր Միրոզլաւ Վաչովսքին` Պետութիւններու հեր յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Այնտեղ նշուած է նաեւ թէ «սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ «São Tomé e Príncipe» Ժողովրդավարական հանրապետութեան միջեւ բարի յարաբերութիւնները, շեշտը դնելով Երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերատնտեսական հարցերուն վրայ, յատկապէս կրթական ու առողջապահական ասպարէզներէն ներս համագործակցութեան վրայ։
Զրոյցներու շարունակութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաև կարծիքների փոխանակում միջազգային ընթացիկ հարցերու շուրջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով ափրիկեան ցամաքամասի երկրներու անվտանգութեան խնդիրներու մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապին ու Վարչապետին միջեւ հանդիպումը տեւեց 20 վայրկեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ