Որոնել

Pope Francis general audience

Պետրոսին հետ, միշտ։ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետ ընտրուելուն 11րդ տարեդարձը

Քահանայապետութեան տասնմէկ տարիներ ողորմութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհին վրայ. Տիար Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Տասնմէկ տարիներ առաջ այսօրուայ նման Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին կը յայտնուէր Սուրբ Պետրոս առաքեալի 266րդ յաջորդը, Հռոմի Եկեղեցին կ՛ունենար «աշխարհի ծայրամասէն եկած» իր նոր եպիսկոպոսը, յանձինս Արժանթինցի Կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի, որ այդ օրէն որոշեց որդեգրել Ֆրանչիսկոս անունը, դառնալով պատմութեան մէջ այդ անունով առաջին Քահանայապետը։ Ան կը յաջորդէր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, որ մի քանի ամիսներ առաջ աննախընթաց կերպով հրաժարած էր իր Աթոռէն եւ որոշած էր նուիրուիլ աղօթքական կեանքի։

13 Մարտ 2013ին նորընտիր Քահանայապետին առաջին խնդրանքը եղաւ «աղօթեցէք ինծի համար», խնդրանք` որ Ան կը շարունակէ կրկնել մինչեւ օրս։

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրութեան 11րդ տարեդարձին առիթով Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի հրատարակեց խմբագրական մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան ողորմութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհին վրայ ընթացող տասնմէկ տարիներուն։

Թորնիելլի խմբագրականը կը սկսի գրելով. «Դիւանագիտութեան խուլ լռութեան մէջ, քաղաքական նախաձեռնութեան և առաջնորդութեան ակնյայտ բացակայութեամբ բնութագրուած իրողութեան մը դիմաց...., մինչ աշխարհը կը սկսի սպառազինութիւններու խելագար մրցավազքը՝ գումարներ յատկացնելով մահուան բարդ գործիքներուն, որոնք բաւարար էին երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն ապահովելու կրկնակի հիմնական առողջապահութիւնը և զգալիօրէն նուազեցնելու ջերմոցային կազերու արտանետումները, Ֆրանչիսկոս Պապին միայնակ ձայնը կը շարունակէ աղերսել` որպէսզի լռեն զէնքերը և կը հայցէ քաջութիւնը` խթանելու խաղաղութեան ուղիներ։

Ան կը շարունակէ Սուրբ Երկրին համար պահանջել հրադադար… կը շարունակէ խնդրել քրիստոնեայ Եւրոպայի սրտին մէջ բռնկած հակամարտութեան զէնքերուն լռութիւնը...կը շարունակէ հայցել խաղաղութիւնը համայն աշխարհին համար, ուր կը շարունակուին անասելի բռնութեամբ յատկանշուած մոռցուած հակամարտութիւնները, որոնք աւելի մեծ համաշխարհային պատերազմի մը մասն են։

«Հռոմի եպիսկոպոսը մուտք կը գործէ իր հովուապետութեան տասներկուերորդ տարուան մէջ, խաւար ժամի մը պահուն, երբ մարդկութեան ճակատագիրը կախեալ է կառավարիչներու դերակատարութենէն, որոնք ի վիճակի չեն գնահատելու իրենց որոշումներուն հետևանքները, որոնք կարծես թէ յանձնուած են պատերազմի անխուսափելիութեան» կը գրէ Թորնիելլին խմբագրականին մէջ ակնարկելով Քահանայապետի խօսքերուն` թէ «աւելի ուժեղ է ան` որ իրավիճակը կը տեսնէ, կը մտածէ ժողովրդի մասին», այսինքն՝ «բանակցելու համարձակութիւն ունեցողը», քանի որ «բանակցիլը խիզախ բառ է», որմէ պէտք չէ ամչնալ»։

«Ֆրանչիսկոս Պապը մարտահրաւէր նետելով մօտիկներու եւ հեռուներու անհասկացողութիւններուն կը շարունակէ կիզակէտ ընտրել կեանքին սրբութիւնը, մօտիկ ըլլալ անմեղ զոհերուն ու դատապարտել կեղտոտ տնտեսական շահերը, որոնք կը շարժեն պատերազմներուն թելերը՝ իրենք զիրենք ծածկելով կեղծաւորութեամբ» կը գրէ միշտ Թորնիելլին իր խմբագրականին մէջ, ուր կը մատնանշէ նաեւ Քահանայապետին «Laudato si'» (2015) ընկերային յորդորագիրին, որ «ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կլիմայի փոփոխութիւնը, գաղթականութիւնը, պատերազմները և սպանող տնտեսութիւնը իրար հեր փոխկապակցուած երևոյթներ են, զոր կարելի է դիմագրաւել միայն ընդհանրական հայեացքի միջոցաւ», ապա «Մարդկային եղբայրութեան մասին (Fratelli tutti, 2020) շրջաբերականին, որ ցոյց տուաւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած նոր աշխարհ կառուցելու ճանապարհը...», ինչպէս նաեւ ողորմութեան մասին, անոր մշտական ուսուցումը, որ կը հիւսէ միսիոներական Քահանայապետութեան ողջ գործը:

Ֆրանչիսկոս Պապը կը սորվեցնէ, թէ աւետարանութիւնը կը վերսկսի էականէն, առաջին աւետարանումէն, որ պէտք է ըլլայ Եկեղեցւոյ վերանորոգումի գործընթացին կեդրոնը...եւ պէտք է արտայայտէ Աստուծոյ փրկարար սէրը, որ է նաեւ ընկալումի, մօտիկութեան ու քնքշութեան արտայայտութիւն։

«Ողջոյնի, մտերմութեան, քնքշութեան, ուղեկցութեան հիմքին մէջ, քրիստոնէական համայնքի ծագումը` ողորմութեան արձագանքն է»... եւ «եթէ Քահանայապետին այս ժեստերը դիտուին այս աչքերով, նոյնիսկ այն ժեստերը, որոնք ոմանց մօտ յառաջացուցին այն նոյն գայթակղած արձագանքները, որոնք ի յայտ կու գային երկու հազար տարիներ առաջ Յիսուսին ժեստերուն դիմաց, մենք կը բացայայտենք անոնց աւետարանիչ եւ միսիոներական խոր ուժը» կը հաստատէ Թորնիելլին խմբագրականի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2024, 07:55