Որոնել

2024.03.10 Angelus

Մէկը միւսին համար բարին հայցենք փոխադարձաբար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Քառասնորդաց շրջանի չորրորդ այս շաբթուայ Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ Նիկոդեմոսի տիպարը, որ Յիսուսի մօտ կ՛երթայ գիշերով Անոր հանդիպելու եւ Յիսուս անոր կը յայտնէ, թէ ինք չէ եկած աշխարհքը դատելու այլ զայն փրկելու»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ որպէսզի աշխարհը դատէ այլ որպէսզի անով փրկուի աշխարհը»։ Յովհաննէսի Աւետարանի երրորդ գլուխէն քաղուած այս խօսքերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին 11 Մարտի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան սովորութեան համաձայն ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Յիսուս եկած է մեզ փրկելու

«Քառասնորդաց շրջանի չորրորդ այս շաբթուայ Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ Նիկոդեմոսի տիպարը, որ Յիսուսի մօտ կ՛երթայ գիշերով Անոր հանդիպելու եւ Յիսուս անոր կը յայտնէ թէ ինք չէ եկած աշխարհքը դատելու այլ զայն փրկելու», ըսաւ խորհրդածութեան սկիզբը ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ Յիսուս լաւապէս կը ճանչնայ մեր սիրտը ու թէ Անոր առջեւ գաղտնի բաներ չկան ու Ինք գիտէ մեր տկարութիւնները, բայց իր այս կարողութիւնը չի շահագործեր մեզի վնաս հասցնելու համար ու մեզ մատնացոյց ընելու, այլ ողջագուրելու մեր կեանքը, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքէն ու փրկէ։

Որպէս քրիստոնեաներ նմանինք Յիսուսին ու մեր կարգին չդատենք ուրիշները

«Յիսուս չէ հետաքրքրուած դատավարութիւններով ու դատավճիռներով … Անոր մեզի ուղղած հայեացքը ոչ թէ կուրացնող փարոս է, որ կը շլացնէ և դժուարութեան մէջ կը դնէ զմեզ, այլ ընկերական լապտերի մը մեղմ լոյս է, որ մեզի կ՛օգնէ որպէսզի բարին տեսնենք մեր մէջ և գիտակցինք չարին, դարձի գանք և բուժուինք իր շնորհքի աջակցութեամբ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Յիսուս չէ եկած աշխարհը դատելու այլ զայն փրկելու» ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց որպէս քրիստոնեաներ հետեւելու ու նմանելու Յիսուսին ու մեր կարգին չդատելու ուրիշները` այլ հասկացող ըլլալու եւ օգնելու զանոնք։

Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց Տիրոջմէ խնդրել, որ մեզի պարգեւէ ողորմութեան հայեացքը, «միւսներուն նայիլ այնպէս ինչպէս ինք կը նայի մեզի» ապա դիմեց Սուրբ Կոյս Մարիամին` «որպէսզի օգնէ մեզի մէկը միւսին համար բարին հայցելու փոխադարձաբար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2024, 12:13

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >