Քահանայապետը աղօթք խնդրեց ահաբեկչութիւններու եւ պատերազմի զոհերուն համար ու հրաւիրեց սրտերը բանալ Յիսուսին

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ որպէս հեզ ու խոնարհ թագաւոր մը` մեր սրտերը բանանք Անոր. Միայն Ինք կարող է մեզ ազատել թշնամութիւններէն, ատելութենէն, բռնութենէն, որովհետեւ Ան ողորմութիւն է եւ մեղքերու ներում»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 24 Մարտ 2024ի առաւօտեան Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահած պատարագէն ետքը նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ խօսքը ուղղելով հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեալներուն նախ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Քոլոմպիայի «San Josè de Apartado» հասարակութեան` «ուր մի քանի օրեր առաջ սպաննուեցան երիտասարդ կին մը ու պատանի մը» ըսաւ Քահանայապետը յայտնելով որ այդ հասարակութիւնը 2018 թուականին պարգևատրուած էր, որպէս զօրակից տնտեսութեան, խաղաղութեան և մարդու իրաւունքներուն ի սպաս յանձնառութեան օրինակ։

Մոսկուայի ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար աղօթք

Սրբազան Պապը իր աղօթքները ապահովեցուց նաեւ Մոսկուայի մէջ անցեալ օր ահաբեկչական անարի արարքի զոհերուն Տիրոջմէ խնդրելով, որ զանոնք ընդունի իր խաղաղութեան մէջ ու մխիթարէ անոնց ընտանիքները։

«Ան թող դարձի բերէ սրտերն անոնց, որոնք կը ծրագրեն, կը կազմակերպեն, եւ ի գործ կը դնեն այս անմարդկային արարքները, որոնք կ՛անարգեն Աստուած ,որ պատուիրած է. «Մի սպանէր», ըսաւ Սրբազան Պապը ու ողջունեց բոլոր հաւատացեալ ուխտաւորները, յատուկ ողջոյն ուղղելով Սան Մարինօ հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներուն, որ աւանդութեան համաձայն նուիրած է արարողութեան արմաւենիի ճիւղերը։

Սրտերը բանալ Յիսուսին

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ որպէս հեզ ու խոնարհ թագաւոր մը` մեր սրտերը բանանք Անոր. Միայն Ինք կարող է մեզ ազատել թշնամութիւններէն, ատելութենէն, բռնութենէն, որովհետեւ Ան ողորմութիւն է եւ մեղքերու ներում», ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ, յատուկէն յիշելով մարտիրոս Ուքրանիան, ուր «բազմաթիւ մարդիկ կը գտնուին ելեկտրականութենէ զուրկ, ենթակառոյցներուն վրայ կատարուած ծանր յարձակումներուն համար, որոնք մահեր ու տառապանք պատճառելէն անդին, կը կրեն աւելի մեծ մարդասիրական աղէտի մը վտանգը»:

Ուքրանիան ու Կազան

 

«Կը խնդրեմ, չմոռանանք տանջուած Ուկրանիան և մտածենք Կազայի մասին, որ այդքան կը տառապի, ինչպէս նաեւ շատ այլ պատերազմներու վայրերու մասին» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց աղօթք ուղղել Սուրբ Կոյս Մարիամին, Անորմէ սորվելով մնալ Յիսուսին մօտիկ, Սուրբ Շաբթուայ օրերուն ընթացքին, որպէսզի հասնինք Յարութեան ուրախութեան» ըսաւ Ան ու հաւատացեալներու մասնակցութեան աղօթեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2024, 12:04

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >