Որոնել

2019.02.07 Insegna Ospedale Bambino Gesù, Roma

«Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանը՝ Քահանայապետին մօտ

Ֆրանչիսկոս Պապը յառաջիկայ շաբաթ օրը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Հիւանդանոցի վեց նստավայրերէն աւելի քան 3 հազար աշխատակիցներուն, հիւանդներուն եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն։ «Այս նոր հանդիպումը եւս մէկ անգամ կը վկայէ «մեր» հիւանդանոցի հանդէպ Ֆրանչիսկոսի մօտիկութիւնը եւ սէրը»․ Հիւանդանոցի Նախագահ Օնեսթի:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Տօնական միջոցառում Հռոմի «Մանուկ Յիսուս - Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցին համար. աւելի քան 3 հազար բժիշկներ, բուժքոյրեր, հետազօտողներ, վարչական անձնակազմ, կամաւորներ, հիւանդներ իրենց ընտանիքներուն հետ միասին պիտի հանդիպին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ  շաբաթ օրը՝ 16 Մարտին, Պօղոս Զ դահլիճէն ներս: 

Ունկնդրութեան առիթը 1869 թուականին Սալվաթի դուքսերու ընտանիքի կողմէ հիմնադրած հիւանդանոցը Սուրբ Աթոռին 20 Փետրուար 1924ին նուիրաբերելու 100ամեակն է: Այդ օրուընէ Իտալիոյ մէջ այդ առաջին մանկաբուժարանը բոլորին համար ճանչցուած է որպէս «Քահանայապետի հիւանդանոց»։

Եւրոպայի՝ բուժումի եւ հետազօտութեան խոշորագոյն ​​կենտրոններէն մին

Հիւանդանոցը Իտալիոյ մէջ իր վեց նստավայրերով այսօր մանկական հետազօտութեան եւ խնամքի ամենամեծ ակադեմիական կենտրոններէն մէկն է Եւրոպայի մէջ: 

Հիւանդանոցը Կարեւոր յենակէտ է Հռոմի, Իտալիոյ, ինչպէս նաև ողջ աշխարհի մէջ մանուկներու եւ պատանիներու բուժումի համար, եւ այս մէկը կը հաստատեն վիճակագրական տուեալները. 627 մահճակալ, տարեկան 95 հազար շտապ օգնութեան ծառայութիւն, 30 հազար հիւանդանոցային բուժում, աւելի քան 32 հազար վիրահատական միջամտութիւն, 2,500,000 բուժարանային ծառայութիւններ:

Սուրբ Աթոռի հիւանդանոցը կը ներառէ մանկաբուժութեան ոլորտէն ներս բոլոր բժշկական և վիրաբուժական մասնագիտութիւնները՝ ներառեալ փոխպատուաստումը, սրտային վիրաբուժութիւնը, ուռուցքաբանութիւնը եւ վերականգնողական բուժումը:

Մանուկներու ժպիտները՝ ամէնէ մեծ նուէրը Քահանայապետին

Քահանայապետական ունկնդրութեան առթիւ Հիւանդանոցի կողմէ կատարուած գրառումի մէջ կը կարդանք, որ անոր՝ Պապի համար ամենագեղեցիկ նուէրը, անշուշտ 200էն աւելի մանուկներու եւ անոնց ծնողներու ժպիտները պիտի ըլլան, որոնք Պօղոս Զ դահլիճի առաջին շարքերը պիտի զբաղեցնեն՝ եւ որոնց շարքին  օտարազգի երեխաներ «աշխարհի ծայրամասերէն», եւ առաջին հերթին պատերազմի թատերաբեմերէն, ուր վերջիններս չունին խնամքի կամ օգնութեան հնարաւորութիւն։

«Մանուկ Յիսուսը» կ’ընդունէ ամէն տարի աւելի քան 300 հիւանդ մանուկներ մարդասիրական հիմունքներով։ Բացի այդ Հիւանդանոցը ներգրաւուած է 18 երկիրներու մէջ միջազգային համագործակցութեան ծրագիրերու մէջ՝ առողջապահական անձնակազմի վերապատրաստման եւ բարձր մասնագիտացուած վիրահատութիւններ իրականացնելու համար:

Հետազօտութիւն, բուժում, ընտանիքներու առանձնութեան յաղթահարում

 «Մենք անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ հանդիպման նոր հնարաւորութեան համար, որովհետեւ ընդունելով մեզ այս տարեդարձին առիթով, մէկ անգամ եւս կը վկայէ «մեր» հիւանդանոցի հանդէպ իր մօտիկութիւնը եւ սէրը» , նշած է Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի Նախագահ Թիցիանօ Օնեսթի, որ ապա շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ բժշկական եւ առողջապահական ողջ անձնակազմին՝ ընդգծելով, որ․ «մեր աշխատանքի նպատակն է հետազօտութիւնը, բուժումը, ընտանիքներու առանձնութիւնը յաղթահարելը», «ասիկա մեզի տրուած արտօնութիւն է, քանի որ հոգ տանելով ամբողջ աշխարհէն  մանուկներու եւ երիտասարդներու մասին ՝ մենք հոգ կը տանինք մեր ապագայի մասին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2024, 08:23