«Սիրելի երիտասարդներ, դուք ուղեւորութեան մէջ Եկեղեցւոյ մը յոյսն էք». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգ տարիներ առաջ հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` երիտասարդներու նուիրուած «Երիտասարդներ, հաւատք եւ կոչումի զատորոշում» նիւթով Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի յետ սիւնհոդոսական «Christus vivit » առաքելական յորդորագիրը, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը յղեց երիտասարդներուն որուն սկիզբը ակնարկելով հակամարտութիւններով ու բազմազան տառապանքներով միջազգային ներկայ իրավիճակին որ շատերուն մէջ կը յառաջացնէ յուսալքում ուզեց անգամ մը եւս մեկնակէտ առնել աւետիսը որ համայն մարդկութեան յոյսին հիմքն է. «Քրիստոս կ՛ապրի» գրեց Քահանայապետը։
Քրիստոս կ՛ապրի ու քեզ կը սիրէ անհուն սիրով
«Քրիստոս կ՛ապրի ու քեզ կը սիրէ անհուն կերպով։ Անոր սէրը քեզի հանդէպ պայմանաւորուած չէ քու սխալներովդ ու քու անկումներովդ։ Ան իր կեանքը տուաւ քեզի համար, եւ քեզ սիրելու համար չի սպասեր քու կատարելութեան։ Տես անոք բազուկները բաց են խաչին վրայ եւ «թոյլ տուր որ քեզ փրկէ կրկին անգամ», քալէ Անոր հետ որպէս բարեկամ, ընկալէ կեանքը եւ թոյլ տուր, որ Ան կիսէ քու ուրախութիւններդ ու քու յոյսերդ, տառապանքներդ ու երիտասարդութեան անձկութիւններդ։ Պիտի տեսնես որ քու ուղեւորութիւնդ պիտի լուսաւորուի ու նաեւ ծանր բեռերը պիտի դառնան նուազ ծանր, որովհետեւ Ինք զանոնք պիտի կրէ քեզի հետ միասին...»։
«Որքան պիտի ուզէի որ այս աւետիսը ձեզմէ իւրաքանչիւրին ու ձեզմէ ամէն մին Քրիստոսը ընկալէ որպէս կենդանի ու զայն կիսէ իր բարեկամներուն հետ» գրեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով որ երիտասարդներուն առաքելութիւնն է «բոլորին վկայել ուրախութիւնը որ ծնունդ կ՜առնէ Քրիստոսի հետ բարեկամութենէն»։
Պոռալ բարձրաձայն սրտով ու կեանքով
Ակնարկելով ապա Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ ԵՀՕ առիթով երիտասարդներուն ուղղած կոչին որ լսելի ըլլան Սրբազան Պապը նորոգեց այդ կոչը խնդրելով` որ իրենց ձայնը լսելի դարձնեն, պոռան, ոչ այնքան ձայնով այլ կեանքով ու սրտով այն իրականութիւնը թէ «Քրիստոս կ՛ապրի», «որպէսզի համայն Եկեղեցին մղուած ըլլայ վերականգնելու .... ու աշխարհին տանելու աւետիսը» կը նշէ Քահանայապետը։
Միայն Յիսուսին մէջ է փրկութիւնը
Ան ապա նշեց որ 14 ապրիլին պիտի յիշուի «երիտասարդներու առաջին մեծ հաւաքի 40-ամեակը, որ Փրկութեան սուրբ տարուայ շրջանակէն ներս ապագայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու ծիլը եղաւ» ու յիշեց նաեւ թէ յոբելենական այդ տարւոյն աւարտին 1984, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երիտասարդներուն յանձնեց Խաչը որպէսզի զայն տանին համայն աշխարհ որպէս նշան ու յիշատակ թէ միայն մերած ու յարութեան առաջ Յիսուսին մէջ է փրկութիւնը։
«Անիկա Խաչ մըն է առանց Խաչեալին, որ կը յատկանշէ Յարութիւնը կեանքին յաղթանակը մահուան վրայ» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ «Christus vivit» առաքելական յորդորագիրը պտուղն է Եկեղեցւոյ մը որ կ՛ուզէ միասին քալել եւ որ ինքզինք կը դնէ ունկնդրութեան մէջ, երկխօսութեան մէջ, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ հինգ տարիներ առաջ, սիւնհոդոսի ընթացքին, երբ հարիւրաւոր երիտասարդներ միասնաբար աշխատեցան, մտքեր ու առաջարկներ ներկայացնելով Եպիսկոպոսներուն։
Սիւնհոդոսականութեիւնը` «Եկեղեցւոյ հիմնադիր չափանիշն»
Այդ եղաւ իսկական սիւնհոդոսական փորձառութիւն մը որ տուաւ բազմաթիւ պտուղներ ու ճամբայ բացաւ նոր Սիւնհոդոսի մը, որ կ՛ապրինք այսօր, այս տարիներուն, սիւնհոդոսականութիւնը։
Ինչպէս կը կարդանք 2018 թուականի ամփոփիչ փաստաթղթին մէջ, փաստօրէն, «երիտասարդներու մասնակցութիւնը նպաստեց վերազարթնելու սիւնհոդոսականութեիւնը , որ «Եկեղեցւոյ հիմնադիր չափանիշն» է» գրեց ապա Նորին Սրբութիւնը բացայայտելով որ այսօր եւս Եկեղեցին կարիքը ունի երիտասարդներու ներդրումին։
Աւետել Յարութիւն առած Յիսուսին ուրախութիւնը։
«Սիրելի երիտասարդներ, դուք ուղեւորութեան մէջ Եկեղեցւոյ մը յոյսն էք։ Ասոր համար շնորհակալ եմ ձեզի, ձեր ներկայութեան համար» գրեց Քահանայապետը պատգամի աւարտին քաջալերելով երիտասարդները որ երբեք թոյլ չտան, որ բաց թողուի իրենց լաւ աղմուկը, իրենց շարժիչ ուժը, ինչպէս մաքուր և արագաշարժ շարժիչ, ու նաեւ իրենց իւրօրինակ ապրելու ձեւը` եւ աւետելու Յարութիւն առած Յիսուսին ուրախութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ