2024.03.07 Partecipanti al Congresso Internazionale Interuniversitario

Կինը հասարակութեան համար բանականութիւն եւ սիրտ է, որ կը սիրէ եւ կը միաւորէ

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Կանայք Եկեղեցիէն ներս․ Մարդկայնութեան արհեստաւորներ» Միջազգային Համաժողովի մասնակիցներուն․ «Եկեղեցին ալ կին է՝ դուստր, կին և մայր, եւ ո՞վ կարող է աւելի լաւ բացայայտել անոր դէմքը, կնոջմէ աւելի»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 7 Մարտ 2024ին իր պատգամը յղեց «Կանայք Եկեղեցիէն ներս․ Մարդկայնութեան արհեստաւորներ» Միջազգային Համաժողովի մասնակիցներուն։

Անոր սկիզբը Պապը՝ ջերմօրէն ողջունելով տարբեր երկիրներէն ժամանած մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով միջոցառումը կազմակերպելու եւ խթանելու համար, մէկիկ մէկիկ նշեց բոլոր այն Սրբուհիներու անունները, որոնցմէ ներշնչուած է Համաժողովը․Giuseppina Bakhita, Magdeleine di Gesù, Elizabeth Ann Seton, Maria MacKillop, Laura Montoya, Kateri Tekakwitha, Teresa di Calcutta, Rafqa Pietra Choboq Ar-Rayès, Maria Beltrame Quattrocchi e Daphrose Mukasanga.

«Անոնք բոլորը, տարբեր ժամանակներու եւ մշակոյթներու մէջ, իրենց տարբեր ոճերով, բարեգործութեան, կրթութեան եւ աղօթքի նախաձեռնութիւններով, ապացուցած են, թէ ինչպէս «կանացի հանճարը» գիտէ արտացոլել Աստուծոյ սրբութիւնը աշխարհի մէջ եզակի կերպով:

Եկեղեցին կանանց վկայութեան կարիքը ունի

Ֆրանչիսկոս յիշեց նաեւ «անյայտ կամ մոռացուած կանանց, որոնք իրենց վկայութեան ուժով աջակցած եւ վերափոխած են ընտանիքներն ու համայնքները» (Առաքելական Յորդոր Gaudete ed exsultate, 12), որուն կարիքը ունի Եկեղեցին։

«Եկեղեցին, ինքն ալ կին է՝ դուստր, կին և մայր, եւ ո՞վ կարող է աւելի լաւ բացայայտել անոր դէմքը, կնոջմէ աւելի», յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը։

Յղում կատարելով այնուհետեւ Համաժողովի տիտղոսին, Պապը աւելցուց, որ «մարդկայնութեան արհեստաւորներ» արտայայտութիւնը կը յիշեցնէ «արհեստաւորներ» ըլլալու կանանց կոչումի բնոյթը․ որ է՝ ըլլալ Արարիչի գործակիցները կեանքի, ընդհանուր բարօրութեան, խաղաղութեան ծառայութեան մէջ: Ասկէ մեկնելով՝ Ֆրանչիսկոս առանձնացուց այդ առաքելութեան երկու բնոյթները՝ ոճի եւ կրթութեան վերաբերեալ:

Կանանց ոճը

Ատելութենէ բզկտուած մեր ժամանակներուն մէջ, երբ մարդկութիւնը կարիք ունի սիրուած զգալու, փոխարէնը յաճախ կը կրէ բռնութիւններու, պատերազմներու եւ գաղափարախօսութիւններու սպիները, որոնք կը խեղդեն սրտի ամենէ գեղեցիկ զգացմունքները, կանացի ներդրումը անփոխարինելի է։ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան կ’ուզէր սէր ըլլալ Եկեղեցւոյ մէջ: Կինը, յիրաւի գիտէ համախմբել քնքշութեամբ, կարեկցանքի իր եզակի կարողութեամբ, կինը հիանալի կերպով գիտէ հասարակութեան համար ըլլալ «բանականութիւն եւ սիրտ, որ կը սիրէ եւ կը միաւորէ»։

Կրթութեան կարեւորութիւնը

Երկրորդ բնոյթին՝ կրթութեան անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը նշեց, որ տարբեր կաթողիկէ ակադեմիական հաստատութիւններու համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս համաժողովը, ուսանողներուն կ’առաջարկէ՝ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ պատգամի խոր ուսումնասիրութենէն զատ, յատկապէս կանացի սրբութեան վկայութիւններ՝ խրախուսելով զանոնք վեր բարձրացնել հայեացքը. ընդլայնել երազանքներու հորիզոնը եւ մտածելակերպը եւ պատրաստ ըլլալ բարձր գաղափարներուն հետեւելու: Ուստի կարեւոր է սուրբերը, և յատկապէս կին սուրբերը ճանաչելի դարձնել իրենց մարդկութեան ողջ խորութեամբ եւ թանձրութեամբ, որպէսզի կրթութիւնը աւելի ունակ ըլլայ դպչելու իւրաքանչիւր մարդու:

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը աւարտեց յատուկէն ընդգծելով, որ դէպի լաւ հասարակութիւններ տանող ճանապարհը կ’անցնի աղջիկներու եւ երիտասարդ կանանց կրթութեան ընդմէջէն, որմէ կ’օգտուի մարդկային զարգացումը։

«Եկէք աղօթենք եւ պարտաւորուինք այդ մէկը ընելու համար», յորդորեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ օրհնեց ներկաները խնդրելով նաեւ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2024, 11:47