Որոնել

2023.04.07 Via Crucis

Ճանապարհ Խաչի մտածականները առաջին անգամն ըլլալով գրուած են Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ

«Խաչի ճանապարհին վրայ Յիսուսին հետ աղօթքով» այս է այս տարուայ Քոլլոսէումի ճանապարհ խաչի 14 կայաններուն ընկերացող թեման:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եպիսկոպոսներէն, կրօնաւորներէն, ընտանիքներէն, երիտասարդներէն ուսանողներէն, ամուսնացեալ զոյգերէն, միսիոնարներէն ու գաղթականներէն ետքը, այս տարուայ` Աւագ Ուրբաթ օրուայ երեկոյեան Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին աւանդական Ճանապարհ Խաչի արարողութեան խորհրդածութիւնները առաջին անգամն ըլլալով պատրաստուած են նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

«Խաչի ճանապարհին վրայ Յիսուսին հետ աղօթքով», այս է այս տարուայ Քոլլոսէումի Ճանապարհ Խաչի 14 կայաններուն ընկերացող թեման, որով պիտի յիշուի Յիսուսին ուղեւորութիւնը դէպի Գողգոթայ, «հոգեւորականութեան ու խորհրդածութեան պահ մը` որ կիզակէտը Յիսուսն է», ինչպէս նշեց Վատիկանեան Մամլոյ գրասենեակը։

Ամէն բան արդարեւ կեդրոնացած է այն ապրումին վրայ որ կ՛ապրի Յիսուս այդ պահուն` որուն մէջ պակաս չէ տառապանքը։ Ընտրանքը այն է` այս ճանապարհ խաչին կապել Աղօթքի տարուան, զոր Քահանայապետը ընտրեց որպէս եկող Յոբելենական տարուայ պատրաստութիւն։

Վերոնշեալ լուրը յայտարարուեցաւ այսօր` Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին, որուն առիթով նշուեցաւ նաեւ թէ «առ այժմ ապահովուած կը մնայ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութիւնը ուրբաթ գիշեր»։

Խորհրդածութիւններու պարունակութիւնը կը տարածուի ուրբաթ օր՝ 29 մարտին, և նոյն օրը աւելի շատ մանրամասնութիւններ կ՛ընծայուին որոնց շարքին նաեւ թէ ո՞վ պիտի ըլլայ խաչակիրը Քոլլոսէումի տարածքին վրայ կայացած Ճանապարհ Խաչի ընթացքին։ Անշուշտ, «խաչը կրող մարդիկ առնչութիւն պիտի ունենան կայանի խորհրդածութեան նիւթին հետ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2024, 14:04