Քահանայութիւնը սէր ու արցունք է անոնց համար` որոնք հեռու են. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի, 28 Մարտի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Աւագ հինգշաբթի օր, Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Իւղերու Օրհնութեան պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 1500 Քահանաներ եւ այլ 2500 հաւատացեալներ, բացի կարդինալական դասի անդամներէն ու եպիսկոպոսներէն։
Աւագ հինգշաբթի օրը, յիշատակն է իր աշակերտներուն հետ ունեցած Յիսուսին վերջին ընթրիքին ու ոտնլուայի արարողութեան, որով Ան կը հաստատէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, իր աշակերտներուն իշխանութիւն տալով իր մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող հացը բեկանելու ու գինին ըմպելու իր յիշատակին համար։
Վերոնշեալ արարողութեան ընթացքին կղերական դասը նորոգեց իր քահանայական ուխտերը։ Մինչ Քահանայապետը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը ուզեց կեդրոնացնել Յիսուսին բուժող հայեացքին վրայ։
Յիսուսին բուժող հայեացքը
Ան արդարեւ անդրադարձաւ Յիսուսին Սուրբ Պետրոսին հետ փոխանակած հայեացքներուն, երբ Աւագ Հինգշաբթի օրը Եկեղեցւոյ առաջին Հովիւը` Սուրբ Պետրոս, անտեսեց Տիրոջ «դիմակազերծող» խօսքը, որ անոր կ՜ըսէր` թէ ինք երեք անգամ պիտի ուրանայ զինքը։ Այսպիսով Պետրոս իր աչքին առջեւէն կորսնցուց Յիսուսը եւ աքաղաղի աղաղակին երեք անգամ ուրացաւ զինք ու երբ Յիսուս անոր վրայ սեւեռեց իր հայեացքը, Պետրոս յիշելով Տիրոջ խօսքերը դուրս ելաւ եւ լացաւ դառնապէս (Ղուկ. 22,61-62)։
«Անոր աչքերը ողողուած էին արցունքներով, որոնք, հոսելով վիրաւոր սրտէն, զինք ազատեցին կեղծ համոզմունքներէ ու հիմնաւորումներէ։ Այդ դառն լացը փոխեց անոր կեանքը», ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով որ Պետրոս սկսաւ Յիսուսը իրապէս տեսնել երբ Ան երեք անգամ անոր հարց տուաւ. «Կը սիրե՞ս զիս» ու Պետրոս թոյլ տուաւ, որ Յիսուսին Հայեացքը խորաթափանցէ անոր սրտին մէջ։
Անցնիլ արցունքներու դառն լացէն
«Սիրելի եղբայր քահանաներ, Պետրոսի սրտի բժշկութիւնը, Առաքեալի բժշկութիւնը, Հովիւի բժշկութիւնը տեղի կ՜ունենան այն ժամանակ, երբ` վիրաւոր ու ապաշխարած, թոյլ կու տանք որ ներուինք Յիսուսէն` անցնելով արցունքներու, դառն լացի, ու ցաւի ընդմէջէն որ թոյլ կու տայ բացայայտել սէրը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց` թէ ասոր համար է, որ ինք, այս աղօթքի տարուան առիթով, կ՛ուզէ իրենց հետ կիսել հոգեւոր կեանքի մէկ անտեսուած բայց էական երեւոյթ, որ առաջարկեց մէկ բառով` զղջում։
Սրտին խայթոցը
«Անիկա խայթոց կը յառաջացնէ` «խայթոց սրտին», որուն պատճառաւ զղջման արցունքներ կը հոսին» յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց այս զղջման զգացումի կարեւորութեան վրայ որ յառաջ կու գայ երբ մենք մեզ կը զգանք մեղաւոր ու այդ խայթոցը մեր սիրտը այրելով զայն կը բուժէ։
«Ան` որ դիմակը կը նետէ և թոյլ կու տայ Աստուծոյ որ նայի իր սրտին մէջ, կը ստանայ արցունքներու պարգևը, որոնք Սուրբ Մկրտութեան ջուրէն ետքը ամենասուրբ ջուրերն են», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով այդ արցունքները դափելու իմաստը, որ կը նշանակէ իսկական զղջում մը, մեղքով Աստուած տխրեցուցած ըլլալու համար։
Զղջումին ընծայած անդորրութիւնը
«Զղջումը արդարեւ ջանք կը պահանջէ բայց անդորրութիւն կ՛ընծայէ, հոգիին բեռը կը թեթեւցնէ...սիրտը առանց զղջումի եւ արցունքի կոշտ կը դառնայ...Անիկա դարման է, որովհետև ան մեզ կը տանի մեր ճշմարտութեան, որպէսզի մեր մեղաւոր ըլլալու խորութիւնը բացայայտէ մեր ներուած ըլլալու անսահման մեծ իրականութիւնը» եղան Նորին Սրբութեան այս ուղղութեամբ արտայայտած մի քանի գաղափարներէն մին որ խորացուց մէջբերելով Եկեղեցւոյ Հայրերէն խօսքեր ու յորդորներ ու հրաւիրեց հարց տալ որքան «զղջում և արցունքներ կան մեր խղճի քննութեան և մեր աղօթքի ժամանակ»։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին բարեխօսութեան գործիք
«Ան որ չի լար, կ՛ապրի հետընթաց կը ծերանայ ներքնապէս, իսկ անոնք` որոնք կը դիմեն պարզ և մտերմիկ աղօթքի, կազմուած Աստուծոյ առջև երկրպագութեամբ և յուզմունքով, կը հասուննան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ «Տէրը յատկապէս Իրեն նուիրեալներուն մէջ կը փնտռէ անոնք, որոնք կ՛ողբան Եկեղեցւոյ և աշխարհի մեղքերուն համար՝ դառնալով բոլորի համար բարեխօսութեան գործիք» այդ Եկեղեցւոյ հերոս վկաներու շարքին յիշելով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։
Սէր եւ արցունք անոնց համար որ հեռու են
«Սիրելի եղբայրներ, մեզմէ իր Հովիւներէն, Տէրը ոչ թէ արհամարհական դատաստաններ կը խնդրէ չհաւատացողներուն համար, այլ սէր և արցունքներ անոնց համար, որ հեռու են: Դժուար իրավիճակները, որոնք կը տեսնենք եւ կ՛ապրինք, հաւատքի բացակայութիւնը, տառապանքը, որուն կը դպչինք, շփուելով կոտրուած սրտերուն հետ, կը յառաջացնեն հաստատակամութիւն ողորմածութեան մէջ... Երկրպագենք, բարեխօս ըլլանք եւ լանք ուրիշներուն համար, այդպիսով թոյլ պիտի տանք Տիրոջ հրաշքներ գործել» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով նաեւ որ զղջումը միայն մեր վարժութիւններուն պտուղը չէ այլ շնորհք է եւ որպէս շնորհք պէտք է զայն հայցել աղօթքի միջոցաւ. Զղջումը Աստուծոյ պարգեւէ եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեան պտուղը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց աղօթել զղջման աղօթքը` Աստուծոյ Որդիէն հայցելով որ ողորմի մեր վրայ մեղաւորներուս։
Շնորհակալութիւն քահանաներուն
Շնորհակալութիւն, սիրելի քահանաներ, ձեր բաց և հնազանդ սրտին համար. շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքի և ձեր արցունքներուն համար. շնորհակալութիւն, որովհետև դուք Աստուծոյ ողորմութեան հրաշքը կը բերէք, ներեցէք միշտ, եղէք ողորմած եւ այդ ողորմութիւնը տարէք մեր ժամանակի եղբայրներուն և քոյրերուն: Սիրելի քահանաներ` թող Տէրը մխիթարէ ձեզ, հաստատէ և հատուցէ ձեզ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ