Որոնել

Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ

Ըստ Վատիկանի ոստիկանութեան յայտարարած տուեալներուն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ծաղկազարդի արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 60 հազար հաւատացեալներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 24 Մարտ 2024ի առաւօտեան Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած կեդրոնական ամպիոնէն, գլխաւորեց Ծաղկազարդի արարողութիւնը, որ սկիզբ առաւ հանդիսաւոր թափորով մը, ի յիշատակ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին, որուն յաջորդեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի կեդրոնական կոթողին մօտ արմաւենիներու եւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւնը, հուսկ Ծաղկազարդի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։ Թափօրին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհականներ, կղերականներ, կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասը, մինչ հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալները իրենց ձեռքերուն մէջ կը կրէին ձիթենիի ճիւղեր։

Արմաւենիներու ու ձիթենեաց ճիւղերու օրհնութեան կարգի ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը նկարագրած հատուածին  (Մարկոս 11,1-10)։ Աւետարանին յաջորդեց Քրիստոս Թագաւորին նուիրուած շարականը մինչ թափօրին մասնակցողները կ՛ուղղուէին դէպի կեդրոնական խորան, ուր սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահած սուրբ պատարագը զոր մատոյց Կարդինալ Քալուտիօ Կուճերոթթին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ Յիսուսին մահուան դատապարտութեան, չարչարանքներուն ու խաչին վրայ մահուան դրուագը պատմող Մարկոսի աւետարանէն քաղուած (Մարկոս 15,1-39) հատուածին։ Մինչ հաւատոյ դաւանանքէն ետքը ներկայացուեցան աղօթքի դիտաւորութիւնները, որոնց շարքին Կառավարիչներուն համար աղօթքը` «որպէսզի անոնք գիտնան բոլոր հակամարտութիւնները դիմագրաւել երկխօսութեան արուեստով ու փոխադարձ յարգանքով»։ Աղօթք կատարուեցաւ նաեւ հալածուած քրիստոնեաներուն համար, որոնք միացած են Յիսուսի չարչարանքներուն, ապա քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որոնք Քրիստոսի հետ ուղեւորութեան մէջ են դէպի Զատիկ, «որպէսզի Աւետարանի դպրոցէն դառնան վկաները իրենց հաւատքին, աղօթքի ու բարեգործութեան միջոցաւ», հուսկ աղօթք` բոլոր այն այր մարդոց ու կիներուն համար, որոնք կը փորձարկեն առանձնութիւնն ու լքումը, «որպէսզի իրենց մօտ զգան Տիրոջ ներկայութիւնը, որ մխիթարութիւն եւ յոյս կը պարգեւէ որեւէ ցաւին»։

Ըստ Վատիկանի ոստիկանութեան յայտարարած տուեալներուն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ծաղկազարդի արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 60 հազար հաւատացեալներ։

Սուրբ Զոհի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց նաեւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ապա Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով հրապարակին շրջանը կատարեց ողջունելով աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2024, 11:37