Որոնել

2019.06.28 Vangelo della 13.ma domenica - la vocazione

Կոչուած սերմանելու յոյս եւ կառուցելու խաղաղութիւն. Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային 61րդ Օր

«Ոտքի կանգնինք ու մենք մեզ դնենք ուղեւորութեան մէջ, որպէս յոյսի ուխտաւորներ, որպէսզի այնպէս ինչպէս Մարիամը ըրաւ Եղիսաբեթին հետ, մենք եւս կարողանանք տանիլ ուրախութեան պատգամը, ծնիլ նոր կեանք եւ դառնալ եղբայրութեան ու խաղաղութեան արհեստաւորներ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 19 Մարտ 2024ին Հրապարակուեցաւ յառաջիկայ 21 ապրիլ 2024ին նշուելիք Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային 61րդ Օրուան նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Կոչուած սերմանելու յոյս եւ կառուցելու խաղաղութիւն»։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ, որ Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրը ամէն տարի մեզ կը հրաւիրէ գնահատելու կոչումին թանկագին պարգեւը զոր Տէրը կ՛ուղղէ իւրաքանչիւրս… որպէսզի մաս կազմենք իր սիրոյ ծրագրին ու մարմնաւորենք Աւետարանին գեղեցկութիւնը...»։

Դառնալ գործիք սիրոյ, հիւրընկալութեան, գեղեցկութեան, ու խաղաղութեան

Սրբազան Պապը կը նշէ թէ աստուածային կոչումը վերէն պարտադրուած բան մը չէ ու թէ կեանքը իր լիութեան կը հասնի երբ մենք բացայայտենք թէ ո՞վ ենք, որո՞նք են մեր յատկութիւնները եւ ո՞րմէկ դաշտին մէջ կարող ենք զանոնք պտղատու դարձնել ապա, ո՞ր ճամբան կարող ենք կտրել դառներու համար սիրոյ գործիք եւ նշան, գործիք հիւրընկալութեան, գեղեցկութեան, ու խաղաղութեան։

«Այդ Օրը առիթ է նաեւ Տիրոջ առջեւ նորոգելու հաւատարիմ յանձնառումը, որ յանձն առին անոնք` որոնք ողջագուրեցին կոչումը, որ ներգրաւեց անոնց համայն կեանքը, ինչպէս մայրերն ու հայրերը, որ իրենց գոյութիւնը կը սահմանեն խնամելով յարաբերութիւնները, սիրով եւ ձրիութեամբ, բացուելով կեանքի պարգեւին եւ իրենք զիրենք դնելով իրենց զաւակներու ու անոնց աճումի ծառայութեան տակ», կը գրէ ի միջի այլոց Քահանայապետը կոչումներու աղօթքի Օրուան նուիրած իր պատգամին մէջ յիշելով նաեւ Նուիրեալ Անձինքը, անոնք` որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն աղօթքի եւ առաքելութեան...ապա Քահանաները, որոնք կը նուիրուին Աւետարանի հռչակումին եւ Սուրբ Հաղորդութեան հացին հետ միասին կը բեկանեն իրենց կեանքը իրենց եղբայրներուն համար, սերմանելով յոյս ու բոլորին ցոյց տալով Աստուծոյ Թագաւորութեան գեղեցկութիւնը։

Թոյլ տուէք հրապուրուիլ Յիսուսով

Սրբազան Պապը հապա խօսքը կ՛ուղղէ երիտասարդներուն ու մանաւանդ անոնց որոնք անվստահութեամբ կը մօտենան Եկեղեցւոյ. «Թոյլ տուէք հրապուրուիլ Յիսուսով, Անոր ուղղեցէք ձեր կարևոր հարցերը Աւետարանի էջերուն միջոցաւ, թոյլ տուէք` որ Անոր ներկայութիւնը անհանդարտութիւն պատճառէ... Ան բոլորէն աւելի կը յարգէ մեր ազատութիւնը, չի պարտադրեր ինքզինք, այլ կ՛առաջարկէ. Տեղ տուէք Անոր եւ երջանկութիւն պիտի գտնէք Անոր հետևելով և ամբողջութեամբ նուիրուելով Անոր, եթէ ձեզմէ խնդրէ այս մէկը։

Ուղեւորութեան մէջ ժողովուրդ մը

Քահանայապետի պատգամին երկրորդ մասը յատկացուած Խարիզմներուն եւ կոչումներուն բազմազանութեան։ «Իւրաքանչիւրս մաս մըն է ամբողջութեան մը ու Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրը կը կրէ սիւնհոդոսականութեան կնիքը» դիտել կու տայ Նորին Սրբութիւնը։

«Շատ են խարիզմները ու մենք կոչուած ենք իրար զիրար ունկնդրելու փոխադարձաբար ու միասին քալելու, որպէսզի բացայայտենք զանոնք ու զատորոշենք, թէ ինչի համար մեզ կը կոչէ Սուրբ Հոգին բոլորի բարիքին ի սպաս» կը գրէ Սրբազան Պապը որ ապա կ՛ ակնարկէ 2025ին նշուելիք Յոբելենական տարւոյն եւ դէպի այդ տարուան առաջնորդող ուղեւորութեան` որպէս «յոյսի ուխտաւորներ»... որոնք աշխարհի համար դառնան Յիսուսին երազին կրողներն ու վկաները. «Կազմել միակ ընտանիք մը, միացած Աստուծոյ սիրոյն մէջ ու համախմբուած բարեսիրութեան, բաժնեկցութեան և եղբայրութեան կապով» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով, որ «այդ Օրը նուիրուած է յատկապէս աղօթքին` Հօրմէն հայցելու համար, իր Թագաւորութեան կառուցումին համար սուրբ կոչումներուն պարգեւը...։ Ան ապա կ՛ակնարկէ աղօթքին նուիրուած 2024 տարուան նշելով, որ կանչուած ենք բացայայտելու Տիրոջ հետ երկխօսելու անգին շնորհքը, դառնալով յոյսի ուխտաւորներ որովհետեւ աղօթքին հետ յոյսը կ՛աճի։

Յոյս սերմանողներ եւ խաղաղութեան կառուցողներ

Սրբազան Պապը հարց տալով թէ ի՞նչ կը նշանակէ ուխտաւոր ըլլալը կը բացատրէ թէ «ուխտագնացութիւն մը յանձն առնողը նախ եւ առաջ կը ջանայ ունենալով յստակ նպատակ մը, որ զայն կը կրէ իր սրտին ու մտքին մէջ։ Միեւնոյն ատեն սակայն ան պէտք է կեդրոնանայ ներկայի քայլերուն վրայ» դիմագրաւելով հարցերը....ուստի, «ուխտաւոր ըլլալը կը նշանակէ վերսկսիլ միշտ, վերագտնել խանդավառութիւնը եւ ուժը` կտրելու համար ուղիի զանազան հանգրուանները, հակառակ յոգնութեան ու դժուարութիւններուն, միշտ աչքին առջեւ ունենալով նոր հորիզոններ եւ անյայտ տեսարաններ»։

«Քրիստոնէական ուխտագնացութեան իմաստը կը կայանայ Աստուծոյ սէրը վերագտնելու մէջ ու միեւնոյն ժամանակ մենք մեզ գտնելու մէջ ներքին ճանապարհորդութեան մը ընդմէջէն … ուխտաւոր ենք, որոնք կոչուած ենք` կոչուած սիրելու Աստուած ու սիրելու մէկը միւսը փոխադարձաբար» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նաեւ քայլեր կատարելու դէպի նոր աշխարհ մը, ուր կարելի է ապրիլ խաղաղութեամբ, արդարութեամբ ու սիրով։ «Մենք յոյսի ուխտաւորներ ենք, որովհետեւ կը ձգտինք աւելի լաւ աշխարհի մը եւ յանձնառու ենք զայն կառուցելու ճանապարհորդութեան ընթացքին»։

Դառնալ յոյսի այր մարդիկ ու կիներ

«Իւրաքանչիւր կոչումին նպատակն է դառնալ յոյսի այր մարդիկ ու կիներ» կը հաստատէ Քահանայապետը ու կը նշէ, թէ բոլորս ալ կոչուած ենք «մարմին ու սիրտ» պարգեւելու Աւետարանի ուրախութեան, աշխարհի մը մէջ որ յատկանշուած է դարաշրջանային մարտահրաւէրներով. Մաս մաս կատարուող Երրորդ համաշխարհային պատերազմի յառաջացումը, գաղթականներու բազմութիւնը, որ կը փախչի իր երկրէն աւելի լաւ ապագայի մը փնտռտուքով, աղքատներու թիւին մշտական աճը, մեր մոլորակի առողջութիւնն անդառնալիօրէն վտանգելու վտանգը...առ այդ «քրիստոնեաներուս համար վճռական է ունենալ յոյսի հայեացք մը համապատասխանելու համար մեզի յանձնուած կոչումին, ի սպաս Աստուծոյ Թագաւորութեան, որ է սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան Թագաւորութիւն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն, որ այդ յոյսը կ՛որակէ «յոյս որ յուսախաբ չի ձգէր», որովհետեւ մեր Տիրոջ` Յիսուսին խոստացուած յոյսն է, որ իր շարժիչ ուժի կիզակէտը կը գտնէ Քրիստոսի Յարութեան մէջ։

Կեանքը հիմնել Քրիստոսի յարութեան ժայռին վրայ

«Յոյսի ուխտաւորներ եւ խաղաղութեան կառուցողները ըլլալը ուրեմն կը նշանակէ մեր իսկ կեանքը հիմնել Քրիստոսի յարութեան ժայռին վրայ, գիտակից ըլլալով, որ մեր իւրաքանչիւր յանձնառում դատարկ պիտի չըլլայ։ «Հակառակ ձախողութիւններուն ու յանկարծակի կանգնումներուն մեր սերմանած բարին կ՛աճի լրութեան մէջ ու ոչ մէկ բան կարող է մեզ բաժնել այդ նպատակէն որ է Քրիստոսի հետ հանդիպումը եւ ուրախութիւնը` առ յաւէտ ապրելու մեր միջեւ եղբայրութիւնը» կը գրէ միշտ Սրբազան Պապը Կոչումներու աղօթքի օրուան նուիրած իր պատգամին մէջ, խրախուսելով բոլորը Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ դառնալու յոյսի ու խաղաղութեան սերմանողները։ ։

Վեր կացէք

Պատգամին վերջին հատուածը կոչ մըն է բոլորին ոտքի ելլելու. «Վեր կացէք» արթննանք քունէն, դուրս գանք անդրաբերութենէն, բանանք բանտին ճաղերը, որոնց մէջ երբեմն կը փակուինք, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրս կարողանայ բացայայտել իր կոչումը Եկեղեցւոյ և աշխարհին մէջ և դառնայ յոյսի ուխտաւոր և խաղաղութիւն ստեղծող:

«Ոտքի կանգնինք ուրեմն ու մենք մեզ դնենք ուղեւորութեան մէջ, որպէս յոյսի ուխտաւորներ, որպէսզի այնպէս ինչպէս Մարիամը ըրաւ Եղիսաբեթին հետ, մենք եւս կարողանանք տանիլ ուրախութեան պատգամը, ծնիլ նոր կեանք եւ դառնալ եղբայրութեան ու խաղաղութեան արհեստաւորներ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2024, 12:00