Քահանայապետը Հայր Միշէլ Ժալախին անուանեց Արքեպիսկոպոս
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 8 Մարտ 2024ին Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան քարտուղար` Հայր Միշէլ Ժալախ Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով անուանուեցաւ Մարոնիներու Նիզիպիի տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս։ Ան մէկ տարի առաջ 15 փետրուարին, անուանուած էր Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան քարտուղար։
Հայր Միշէլ Ժալախ ծնած է Լիբանանի Պաուշրիէ շրջանին մէջ՝ 27 օգոստոս 1966ին։ Անդամ է Մարոնիներու Անտոնեան միաբանութեան ու քահանայ ձեռնադրուած է 21 ապրիլ 1991ին։
Ան 2000-ի դեկտեմբեր ամիսէն սկսեալ մինչեւ 2008ին յուլիս ամիսը ծառայած է Արեւելեան Եկեղեցիներուն ժողովի քարտուղարութեան բաժանմունքին մէջ։
2008ին, Հռոմի քահանայապետական Արեւելեան համալսարանի մէջ ստացած է եկեղեցաբանութեան տոքթորի կոչում։
2013-էն մինչեւ 2018 տարիներուն նշանակուած է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար ինչպէս նաեւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներու ժողովի համամիութենական յարաբերութիւններուն յանձնաժողովին անդամ։
Հայր Միշէլ Ժալախ դասաւանդած է Լիբանանի Մարոնիներու Անտոնեան համալսարանին մէջ, 2017ին դառնալով միւենոյն համալսարանի ընդհանուր տեսուչը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ