Որոնել

2024.03.14 Libro autobiografico di Papa Francesco 

«Life. պատմութեան մէջ պատմութիւնս» վերտառութեամբ Քահանայապետին ինքնակենսագրական գիրքը

Հատորին մէջ ներկայացուցած է Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի 80 տարուայ պատմութիւնը միահիւսուած պատմութեան մեծ իրադարձութիւններուն հետ, Հիրոշիմայէն մինչեւ համավարակը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալական «Corriere della Sera» օրաթերթը այսօր 14 մարտ թուակիր իր թիւին մէջ հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ինքնակենսագրական գիրքէն հատուածները պարունակող յօդուած մը, որ կը կրեն թերթին լրագրող Ալտօ Քացցուլլոյի ստորագրութիւնը։

Գիրքը ի լոյս պիտի ընծայուի յառաջիկայ 19 Մարտին Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ «HarperCollins» հրատարակչատան կողմէ։

Հատորը գրուած է Ֆրանչիսկոս Պապի եւ իտալական լրատուամիջոցներու և հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ գործող ՝ Mediaset ընկերութեան լրագրող Ֆապիօ Մարքեզէ Ռակոնայի հետ, եւ կը կրէ «Life. պատմութեան մէջ պատմութիւնս» խորագիրը։

Հատորին մէջ ներկայացուցած է Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի 80 տարուայ պատմութիւնը միահիւսուած պատմութեան մեծ իրադարձութիւններուն հետ, Հիրոշիմայէն մինչեւ համավարակը։

Քահանայապետը կը խօսի իր մեծ պապիկ ու մամիկի մասին, որոնք մեկնելով Իտալիոյ Ճենովա քաղաքէն գաղթած են Արժանթին։ Ան կ՛անդրադառայ իր մանկութեան օրերուն ապրած որոշ յիշատակներու մասին, համայնավար իր ուսուցչուհիի մասին, Հիրոշիմայի ադոմական ռումբի մասին, երիտասարդ տարիքին նշանածի մասին, ապա կոչման մասին, Արժանթինի մէջ յեղաշրջումը, իր ապրած դժուարութիւնները, որպէս Յիսուսեաններու մեծաւոր...գիրքին մէջ տեղ կը գրաւեն նաեւ Քահանայապետին սէրը ոտնագունդի խաղի նկատմամբ եւ ընտրանքը` չհետեւելու հեռատեսիլէն սփռուած ոտնագունդի խաղերուն, որովհետեւ ունեցած է տհաճ փորձառութիւն մը։

Քահանայապետը կը խօսի նաեւ իր եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի միջեւ կապի մասին ու տառապանքին, որ պատճառեցին որոշ անձինք խօսելով երկու քահանայապետերու միջեւ անհամաձայնութեան մը մասին, որ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունէր։

Նորին Սրբութիւնը կ՛անդրադառնայ Քահանայապետ ընտրութեան դրուագին, ապա աշխարհին ապրած համավարակի ժամանակահատուածին, Եւրոպային ու մոլորակը փրկելու հարկաւորութեան, միասեռականներու ու իր դէմ մղուած պայքարի մասին, այս ուղղութեամբ հաստատելով նաեւ, թէ ինք առ այժմ չի մտածեր եւ իր ծրագիրներուն մասի չի կազմեր հրաժարականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 11:29