Որոնել

Pope Francis' Angelus prayer

«Կանգ առէք. Կարելի չէ պատերազմով աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցել». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց Սուրբ Երկրի քաղաքացիներուն տառապանքը, կոչ ուղղեց գործելու զինաթափումի ի նպաստ հաստատելով որ անոր հասնելու համար քաջութիւն պէտք է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 մարտ 2024ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով այս առիթով սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նշեց, թէ ինք ամէն օր սրտին մէջ կը կրէ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ բնակչութեան տառապանքները։

Կը բաւէ՛. Կանգ առէք

«Հազարաւոր մահերը, վիրաւորները, տեղահանները եւ անհամար կործանումները ցաւ կը պատճառեն, ու նաեւ ահաւոր հետեւանքներ` աւելիով փոքրերուն, անպաշտպաններուն համար, որոնք իրենց ապագան վտանգուած կը տեսնեն» ըսաւ Քահանայապետը, ապա հարց տուաւ «Իրօ՞ք կը կմտածենք այս կերպով կառուցել աւելի լաւ աշխարհ մը, Իրօ՞ք կը կածենք խաղաղութեան հասնիլ։ Կը Բաւէ։ Կ՛աղաչեմ։ Հետս կրկնեցէք. Կը Բաւէ, կ՛աղաչենք։ Կանք առէք» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը ապա քաջալերեց կողմերը շարունակելու Կազայի ու համայն տարածաշրջանին մէջ հրադադարի ի նպաստ բանակցութիւնները, եւ «ազատ արձակուին պատանդները ու վերադառնան իրենց սիրելիներուն մօտ, որոնք զանոնք կը սպասեն անձկութեամբ, հուսկ անմեղ քաղաքացիներուն ապահով կերպով հասանելի ըլլայ հրատապ եւ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնները», ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ չմոռնալու մարտիրոս Ուքրանիան, ուր ամէն օր մահեր կան ու կայ նաեւ մեծ ցաւ։

Զինաթափումի միջազգային օր

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա, թէ յառաջիկայ 5 Մարտին կը յիշատակուի «Զինաթափման և զէնքի չտարածման իրազեկման» միջազգային օրը եւ ասկէ մեկնելով հարց տուաւ «Որքա՜ն կենսամիջոցներ կը վատնուին ռազմական ծախսերու վրայ, որոնք, ստեղծուած իրավիճակի պատճառով, ցաւօք սրտի, կը շարունակեն աճիլ»։ Ան ապա մաղթեց, որ «միջազգային հասարակութիւնը հասկնայ, թէ զինաթափումը ամէնէն առաջ պարտականութիւն է։ Զինաթափումը բարոյական պարտականութիւն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ անոր հասնելու համար քաջութիւն պէտք է` «քաջութիւն Ազգերու մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն կողմէ, անցնելով վախի հաւասարակշռութենէն դէպի վստահութեան հաւասարակշռութիւն»։

«Յաղթէ չարին բարիքով. Աղօթք, աղքատներ, խաղաղութիւն»

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հուսկ հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, որոնց շարքին էին ուքրանացի երիտասարդներ, որոնք կը մասնակցին Սանդ՛Էճիտիոյ հասարակութեան` «Յաղթէ չարին բարիքով. Աղօթք, աղքատներ, խաղաղութիւն» թեմայով ծրագրին։

«Սիրելի եղբայրներ շնորհակալութիւն ձեր յանձնառումին համար ի նպաստ անոնց` որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2024, 12:44