2024.03.08 Predica di Quaresima

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 Մարտի գործունէութիւնը` «24 ժամ Տիրոջ հետ» աղօթքի եւ հաշտութեան ծիսակատարութիւնը

Քահանայապետը մասնակցեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Քառասնորդաց շրջանի մտածականներու նիստին զոր վարեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան- որ 2024ի մտածականներու որպէս նիւթ ընտրած է Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած «Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» (Մատթ. 16,15) Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած հարցումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 8 Մարտ 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը օրակարգը սկսաւ մասնակցելով Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Քառասնորդաց շրջանի մտածականներու նիստին զոր վարեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան որ 2024ի մտածականներու որպէս նիւթ ընտրած է Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած «Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» (Մատթ. 16,15) Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած հարցումը։ Ան այսօրուան մտածականը կեդրոնացուց Բարի Հովիւի տիպարին վրայ որպէս պատասխան Յիսուսին հարցումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Կապոնի Եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով հուսկ ունկնդրութիւնը շնորհեց խոստովանահայրերու նուիրուած Առաքելական ատեանի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքի մասնակիցներուն։

Իսկ կէսօրէն ետքը ժամը 16.15 անց Նորին Սրբութիւնը մեկնելով Վատիկանի իր բնակավայրէն կ՛ ուղղուի Հռոմի «SAN PIO V – Սուրբ Պիոս Ե» անուամբ ժողովրդապետութիւն այնտեղ գլխաւորելու համար «24 ժամ Տիրոջ հետ» աղօթքի եւ հաշտութեան ծիսակատարութիւնը։

Արդարեւ «24 ժամ Տիրոջ հետ» աղօթքի եւ հաշտութեան այս ձեռնարկը հաստատուած տասնմէկ է տարիներ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ամէն տարի կը նշուի Քառասնորդաց շրջանի չորրորդ կիրակիի նախօրէին, որ այս տարի կը զուգադիպի ուրբաթ 8 եւ շաբաթ 9 Մարտին։

Այս տարուայ ծիսակատարութեան բնաբանը քաղուած է Սուրբ Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած թուղթի վեցերորդ գլուխէն «Քալել նոր կեանքի մէջ» ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին։

Վերոնշեալ թուականներուն եկեղեցական հասարակութիւններուն կ՛առաջարկուի եկեղեցիներու դռներու արտակարգ բացումը հաւատացեալներուն առիթ ընծայելով աղօթելու եւ խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու, որ է հաշտութեան խորհուրդը։ Այս տարուայ այս ծիսակատարութիւնը ունի աւելի խոր իմաստ տրուած ըլլալով որ մաս կը կազմէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ հռչակուած Աղօթքի Տարուան, որպէս 2025ի Յոբելենական տարւոյն պատրաստութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2024, 12:00