Որոնել

General view of the Basilica of Santa Maria Maggiore in Rome

Ինքնագիր նամակով Քահանայապետը վաւերացուց Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի վարչակազմին վերակազմակերպումը

Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան Պապը կը յայտնէ` թէ «14 դեկտեմբեր 2021ին արտակարգ յանձնակատարի մը յանձնեց պարտականութիւնը վերատեսելու Պազիլիքայի եւ Վարչութեան կեանքի վերակազմակերպումը ի բարօրութիւն Աստուծոյ ժողովրդին»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 20 Մարտ 2024ին հրատարակուած 19 Մարտ թուակիր ինքնագիր նամակով մը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին Վարչակազմի նոր սահմանադրութիւնը եւ նոր կանոնագիրքը Գերապայծառ Մաքրիկասին յանձնելով կառավարութեան բոլոր իրաւասութիւնները։

Նոյն նամակով Սրբազան Պապը Պազիլիքայի մէջ գործող կղերականները «կ՜ազատէ» ցանկացած տնտեսական և վարչական գործէ որպէսզի անոնք ամբողջութեամբ նուիրուին հոգեւոր առաքելութեան։

Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան Պապը կը յայտնէ` թէ «14 դեկտեմբեր 2021ին արտակարգ յանձնակատարի մը յանձնեց պարտականութիւնը վերատեսելու Պազիլիքայի եւ Վարչութեան կենաքի վերակազմակերպումը ի բարօրութիւն Աստուծոյ ժողովրդին»:

«Այսօր այդ «յանձնակատարութեան» գործի աւարտին պատշաճ կը համարեմ ազատել բոլոր կղերականները տնտեսական ու վարչական գործերէ, որպէսզի ամբողջութեամբ եւ նորոգուած գորովով, նուիրուին ուխտաւորներու հոգեւոր եւ հովուական ծառայութեան...» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ատեն Գերապայծառ Ռոլնատաս Մաքրիքասին յանձնելով բոլոր իրաւասութիւնները դասաւորելու եւ կիրառելու նոր օրէնսդրութիւնը... «հրահանգելով նաեւ` որ ան շարունակէ ըլլալ Իրաւական ներկայացուցիչը, մինչեւ նոր Վարչական Խորհուրդին ստեղծումը, պահպանելով սովորական և արտահերթ կառավարման գործողութիւններ իրականացնելու լիազօրութիւնը»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 13:05