Սուրբ Շաբաթը անջնջելի եւ մնայուն հետք թող ձգէ մեր կեանքին մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մերիտան Սպանիայի քաղաք մըն է, որ հարուստ Հռովմէական յուշարձաններով, մինչեւ այն աստիճան որ կոչուած է «սպանական Հռոմ»։ Անոր կեդրոնին մէջ ամէն տարի մեր շուքով կը յիշատակուի աւագ շաբաթը` իր թափօրներով, շքերթներով եւ խաչի ճանապարհի ջերմեռանդական արարողութիւններով։
Սուրբ Շաբաթի ձեռնարկները խթանող Քաղաքի եղբայրակցութիւններուն ուղղած իր լսատեսողական պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը դիտել կու տայ, որ քիչ են քաղաքները, որոնք կարող են վերապրիլ այն օրերը, որ փոխեցին մարդկութեան պատմութիւնը» եւ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՛արտայայտէ այն ապրումներուն` որոնք տեղի պիտի ունենան Մերիտայի մէջ նշելով, որ այս տարի Հռոմի Քոլլոսէումի Ամփիթատրոնի մէջ գլխաւորած Ճանապարհ Խաչի աղօթքը ընթացքին ինք զիրենք ալ պիտի յիշէ։
Սուրբ Շաբաթի արարողութիւնները փրկութեան հռչակում
Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Սրբուհի Թուլալային նուիրուած յոբելինական տարուան, խօսքը կ՜ուղղէ Մերիտայի եղբայրակցութիւններուն մաղթելով, որ Սուրբ Շաբաթը անջնջելի եւ մնայուն հետք ձգէ կեանքին մէջ անոնց որոնք պիտի մասնակցին ճանապարհ Խաչիի կայաններուն նշելով, որ այդ մէկը հանդիսութիւն մը չէ այլ մեր փրկութեան հռչակումը։
Նորին Սրբութիւնը կը վերյիշէ Քառասնորդաց շրջանի իր պատգամը, որուն մէջ ինք հարկաւոր կը նկատէ ժամանակ նուիրել աղօթքին, ընկալելու համար Աստուծոյ Խօսքը, կանգ առնելու համար եղբօր վէրքերուն դիմաց, նման սամարացիին։
Աւագ շաբաթը շնորհքի ժամանակ
«Սուրբ Շաբաթը ժամանակ է շնորհքի, զոր Տէրը մեզի կը նուիրէ որպէսզի բանանք մեր սրտին, ժողովրդապետութիւններուն ու եղբայրակցութիւններուն դռները» կ՛ըսէ Սրբազան Պապը ընդգծելով որ Աւագ Շաբաթը մեզմէ կը խնդրէ բանալ ու դուրս գալ, բանալ սիրտը ու երթալ դէպի Յիսուսը եւ միւսները եւ նաեւ այնտեղ տանիլ մեր հաւատքին լոյսը եւ ուրախութիւնը»։
Դուրս ելլել ու բանալ սիրտը
«Դուրս ելլել միշտ! Եւ այդ ընել սիրով եւ Աստուծոյ քնքշութեամբ, յարգանքով և համբերութեամբ, իմանալով, որ մենք մեր ձեռքերը, մեր ոտքերը, մեր սիրտը, կը դնենք սակայն Աստուած է, որ մեզ կ՛ առաջնորդէ եւ մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը» կ՛ըսէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա բոլորին կը վստահեցնէ իր աղօթքը յատկապէս ընտանիքներուն` որոնք տան մէջ ունին հիւանդ անձ մը, անոնց` որոնք միայնակ են, կարիքաւորներու, տնտեսական դժուարութեան մէջ գտնուողներու ու նաեւ երիտասարդներուն, որոնք Մերիտայի եղբայրակցութիւններուն այսօրն ու ապագան են» կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ պատգամը կ՛աւարտէ բարի Աւագ Շաբաթ մաղթելով անոնց ու ուղարկելով իր օրհնութիւնները, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ