Որոնել

2022.10.27 croce - fede

Եկեղեցին կ՛ունենայ 19 նոր Երանելիներ, որոնց շարքին նաեւ Մարոնիներու երբեմնի Պատրիարքը

Երանելիներու շարքին էին նաեւ Գերմանիայի մէջ սպաննուած Քահանայ մը եւ 15 գերմանական ծագումով միանձնուհիներ, որոնք սպաննուեցան Կարմիր բանակի զինուորներու կողմէ։ Քահանայապետը լիազօրած է Սուրբերու դատի Վերատեսչութիւնը հրապարակելու նաեւ և 7 նոր Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններու վերաբերող հրամանագիրերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի, թէ Հինգշաբթի` 14 Մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունելով Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, զինք լիազօրած է հրապարակել հրամանագրերը, որոնք կը վերաբերին հետեւեալ սրբակեաց անձերուն.

- հրաշքը` զոր գործած է Աստուծոյ Ծառայ Սթեֆան Տուայհի, Անտիոքի Մարոնիներու Պատրիարք, որ ծնած էր Լիբանանի Էհտէն քաղաք` 2 օգոստոս 1630ին ու մահացած Քանուպինի մէջ, 3 մայիս 1704ին։

- հրաշքը, որ վերագրուած է Աստուծոյ Ծառայ Հայր Ճուզեփփէ Թորրէս Պատիլլային, Խաչի Ընկերութեան Քոյրերու Միաբանութեան համահիմնադիրը որ ծնած է25 օգոստոս 181ին Սպանիայի San Sebastián de La Gomeraի մէջ ու մահացած 23 ապրիլ 1878 Սպանիայի Սիվիլիա քաղաքին մէջ։

- Հրաշքը վերագրուած Աստուծոյ Ծառայ Հայր Քամիլլօ Քոսթա Տը Պորըկարին, ծնած Ֆրանսայի Շամպերի քաղաք 17 Փետրուար 1841 եւ մահացած նոյն վայրին մէջ 25 Մարտ 1910ին։

Սրբազան Պապը ճանչցաւ ապա Աստուծոյ Ծառայ Հայր Մաքս Ժոզէֆ Մեթսկերի եւ Աստուծոյ աղախին Քրիստոֆորա Քլոմֆասի ու անոր 14 միաբանակիցներուն նահատակութիւնը, որոնք մարտիրոսացան իրենց հաւատքին համար

Հրամանագիրերու շարքին են նաեւ հերոսական առաքինութիւններու ճանաչումը Ասորի մալանքար եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Geervaghese Thomas Panickaruveetil, Պրացիլցի Հայր Liberio Rodrigues Moreira-ին, Խրուաթ աշխարհական Antonio Tomičić, իտալացի հաւատացեալ ու ընտանիքի մայր Maria Maddalena Frescobaldi Capponi-ի, Ամերիկացի միանձնուհի Maria Alfonsa Hawthorne, Իտալացի մայրապետ քոյր Elisabetta Jacobucci եւ աշխարհական իտալացի հաւատացեալ Անճելինա Փիրինիի։

Նշենք, որ վերոնշեալ հաղորդագրութեան հրատարակութեանառիթով 14 Մարտի կէսօրուան ժամը 1:00-ին Զղարթայի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը կէս ժամուան համար հնչեցին, իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Զղարթայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անուան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 12:36