Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Երկրի հաւատացեալներուն. «Շնորհակալ եմ, որովհետեւ հակառակ ամէն յոյսի գիտէք յուսալ»

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Սուրբ Երկրի հաւատացեալներուն, որուն սկիզբը նշեց թէ Ինք երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածէ ու կ՝աղօթէ իրենց համար, սակայն Սուրբ Զատկուայ տօնի սեմին, կարիք զգաց նաեւ նամակ մը գրելու, ու հաւաստիացնելու թէ բոլոր կը կրէ իր սիրտին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Սուրբ Երկրի կաթողիկէ հաւատացեալներուն, որուն մէջ յայտնեց, թէ Ինք երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածէ ու կ՝աղօթէ իրենց համար, սակայն Սուրբ Զատկուայ սեմին կարիք զգաց գրելու, թէ ամէնքը կը կրէ իր սիրտին մէջ։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Սուրբ Երկրի մէջ սփռուած հաւատացեալներուն, յատուկէն ներկայ ցաւալի պայմաններու մէջ ապրող անձերուն, մանուկներուն, «որոնք զրկուած են իրենց ապագայէն»։

Սրբազան Հայրը գրեց, որ Սուրբ Զատիկը աւելի նշանակալից է Սուրբ Երկրի հաւատացեալներու համար, որովհետեւ անոնք Զատիկը կը նշեն Տիրոջ ապրած, մերած, յարութիւն առած վայրերուն ներքեւ ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած հաւատքի, եղբայրսիրութեան, վկայութեան համար։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց տասի տարի առաջ Սուրբ Երկիր կատարած ճամբորդութիւնը նշելով, որ Սուրբ երկրի քրիստոնեայ համայնքը դարերու հոլովոյթին ոչ միայն Փրկութեան վայրերուն պահապանը եղաւ, այլ մշտապէս վկայեց Տիրոջ խաչելութեան խորհուրդը՝ իր ապրած տառապանքներու միջոցաւ։

«Այս խաւար ժամանակներու մէջ, ուր կը թուի թէ աւագ ուրբաթ օրուան խաւարը կը ծածկէ սուրբ երկիրը եւ աշխարհի շատ մը մասեր, որոնք այլանդակուած են պատերազմի անօգուտ խելագարութենէն, որ միշտ բոլորին համար արիւնալի պարտութիւն է, «Դուք գիշերը վառած ջահեր էք, դուք սերմեր էք հակամարտութենէն յօշոտուած երկրի մէջ» գրեց Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ վստահեցնելով, որ Ինք քաջ գիտակից է, որ Սուրբ երկրի մէջ հոգեւոր հովիւները, կրօնաւորները, կրօնաւորուհիները մօտիկ կանգնած են հաւատացեալներուն ու այս առնչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած աշխատանքներուն համար, որ կը շարունակեն կատարել։

«Թող միասնութեան ոսկին աճի եւ փայլի տառապանքի բովին մէջ, նաեւ քրիստոնեայ տարբեր դաւանքներուն եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, որոնց կը փափաքին իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս եւ քաջալերանքս փոխանցել», գրեց Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Երկրի կաթողիկէ հաւատացեալներու յղած նամակին մէջ, որ աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը ու հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ինչպէս նաեւ վերանորոգելով իր հրաւէրը ուղղուած աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն՝ իրենց շօշափելի զօրակցութիւնը յայտնելու եւ անխոնջութեամբ աղօթելու, որպէսզի Սուրբ Երկրի ողջ ժողովուրդը վերջապէս խաղաղութեան մէջ մնայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2024, 12:30