Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց հաւատացեալներուն։ Աստուած միշտ կը ներէ եւ ամէն ինչ կը ներէ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 8 մարտին, յետմիջօրէին ժամը 4.15 անց, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Վատիկանէն 10 վայրկեան հեռու գտնուող Պիոս Ե եկեղեցի, ուր գլխաւորեց «24 ժամ Տիրոջ հետ» աղօթքի եւ հաշտութեան ծիսակատարութիւնը, ձեռնարկ մը որ հաստատուած է տասնմէկ է տարիներ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ ամէն տարի կը նշուի Քառասնորդաց շրջանի չորրորդ կիրակիի նախօրէին։
Պիոս Ե եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը մատակարարեց խոստովանանքի խորհուրդը ինը հաւատացեալներուն ապա ներկայացուց խորհրդածութիւնը մը ունենալով որպէս նիւթ «24 ժամ Տիրոջ հետ» ձեռնարկի միեւնոյն նիւթը «Նոր կեանքը»։
Խորհրդածութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը յարեց, որ բժշկութեան եւ ուրախութեան խորհուրդը Քրիստոսէ շնորհուած նոր կեանք մըն է, որ կը հեռացնէ քէշ եւ շատ հին բաներէն, որոնք կը բնականին իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ. «Մեղքի բորոտութիւնը արատաւորած է մեր գեղեցկութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու անհրաժեշտ նկատեց Յիսուսին աղօթելու, որպէսզի մեզ մաքրէ ամէն մեղքերէն ու վերանորոգուելով Յիսուսէն կը վերադառնանք «Քալելու նոր կեանքին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ ամէն օր մխրճուած ըլլալով հազար բաներու մէջ, ընկղմուած ըլլալով շատ մը հաղորդակցութիւններուն մէջ, մեր կեանքին մէջ կը մոռնանք, որ մեր մէջ կը հոսի նոր կեանք մը նման մոխիրին տակ խարոյկին, որ կը սպասէ բոցավառուելու եւ նոր լոյս սփռելու ու այդ մոխիրը զետեղուած է մեր սիրտին վրայ, որ կը թաքցնէ մեր հոգիին հայեացքին գեղեկցութիւնը։ Աստուած որ հայր է, մեզի կը յայտնուի որպէս Տէր եւ փոխանակ զայն սիրենք՝ կը վախնանք իրմէ, ուրիշները փոխանակ եղբայրներ եւ քոյրեր ըլլան՝ որպէս նոյն Հօր զաւակները, մեզի կը թուին որպէս խոչընդոտներ ու ասոր համար անհրաժեշտ են «նոր նշաններ, անհրաժեշտ է քայլի փոփոխութիւն՝ բնօրինակ գեղեցկութիւնը գտնելու համար ու այդ բնօրինակ գեղեցկութիւնը կը գտնենք հետեւելով Աստուծոյ հաշտութեան ուղիին՝ այն համոզումով, որ Աստուած երբեք չյոգնիր ներելէ, մենք ենք որ կը յոգնինք ներում խնդրելէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ Աստուծոյ ներումը, մեզ կը վերանորոգէ մեր ներսէն, մաքուր կը դարձնէ ու Աստուած կը փափաքի որ մենք վերանորոգուած ըլլանք, ներսէն ազատ եւ լուսաւոր, երջանիկ ըլլանք ու գտնուինք ուղեւորութեան մէջ ոչ թէ կանգ առած կեանքի ուղիներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ