Քահանայապետը Ուքրանիոյ համար կը պահանջէ բանակցութեան քաջութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, Շաբաթ 9 Մարտի երեկոյեան պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած հարցումներուն, հայող Զուիցերական Հեռուստակայանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիոյ պատերազմի մասին կատարած յայտարարութիւններուն, բացատրեց թէ «Սրբազան Պապը հարցազրոյցը վարողին ճերմակ դրօշի պատկերին կ՛ակնարկէ մատնանշելու համար ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը, զինադադարը` որ հասանելի ըլլայ բանակցութեան քաջութեան միջոցաւ։
Հարցազրոյցի այլ մէկ հատուածին մէջ այլ հակամարտութեան իրավիճակի մասին արտայայտուելով, ու մատնանշելով պատերազմներու իրավիճակներուն, Քահանայապետը յստակօրէն կը հաստատէ` թէ «Բանակցութիւնները երբեք յանձնում մը չեն» յայտնեց Տիար Պուրնին։
Քահանայապետին խօսքերը արդարեւ մեծ արձագանք ունեցան ու շատեր զանոնք մեկնաբանեցին, որպէս կոչ` ուղղուած Ուքրանիոյ, որպէսզի յանձնուի։
Նորին Սրբութիւնը ուզած էր շեշտել բանակցութիւններու կարեւորութիւնը որոնք իրեն տեսանկիւնէն կը պահանջեն քաջութիւն։ «Բանակցութեան քաջութիւնը ամօթ մը չէ։ Ժամանակին բանակցիլ, գտնել Երկիր մը որ միջնորդ ըլլայ։ Ինչպէս այսօր օրինակ Ուքրանիոյ համար կան շատեր, որոնք կ՛ուզեն միջնորդ ըլլալ։ Թուրքիան ալ այս մէկը առաջարկեց։ Նաեւ ուրիշներ։ Մի ամչնաք բանակցելէ, նախ քան հարցը շատ աւելի վատ դառնայ» ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապը հարցազրոյցի ընթացքին։
«Քահանայապետին մաղթանքը կը մնայ այն ինչ` որ ինք կրկնած է այս վերջին տարիներու ընթացքին ու նաեւ
պատերազմի երկրորդ տարեդարձին առիթով. «Մինչ կը նորոգեմ իմ ջերմ սէրս տանջուած ուքրանացի ժողովուրդի հանդէպ և կ՛աղօթեմ բոլորի համար, մասնաւորապէս՝ բազմաթիւ անմեղ զոհերու համար, կ՛աղաչեմ, որ գտնուի մարդկայնութեան այն մասնիկը, ո թոյլ կու տայ մեզի ստեղծել դիւանագիտական լուծումի մը պայմանները, արդար եւ մնայուն խաղաղութեան փնտռտուքով», յայտնեց միշտ Տիար Պրունի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ