2024.02.28 Udienza Generale

Վախ մի ունենաք բանակցութիւններէն. Ֆրանչիսկոս Պապը պատերազմներու մասին

Զուիցերական Հեռուստակայանի «Cliché» մշակութային յայտագիրի վարիչ Լորենցօ Պուչչելլայի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սրբազան Պապը ըսաւ, որ «Կեանքը դատարկ սպիտակ թուղթի կտոր է և գեղեցիկ պիտի ըլլայ, եթէ կարողանաս գեղեցիկ բան գրել այդ թուղթին վրայ, բայց եթէ վատ բաներ գրես, այդ էջը գեղեցիկ պիտի չըլլայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այն, ինչ որ տեղի կ՛ ունենայ Իսրայէլի և Պաղեստինի միջև, պատերազմ է. Եւ պատերազմը կը կատարեն երկուքը, ոչ թէ միայն մէկը։ Պատասխանատուները երկուքն են, որոնք պատերազմ կ՛ընեն» Ֆրանչիսկոս Պապը այս խօսքերը արտասանեց Զուիցերական Հեռուստակայանի «Cliché» մշակութային յայտագիրի վարիչ Լորենցօ Պուչչելլայի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին որուն մէջ անդրադարձաւ աշխարհը յուզող պատերազմներուն ու մասնաւորապէս Սուրբ Երկրի եւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմներուն։ Նշենք թէ վերոնշեալ յայտագիրը ընդհանրապէս նուիրուած է գոյներուն ու այս անգամ ճերմակ գոյնին` բարիի, լոյսի գոյնին։ Հարցազրոյցը պիտի հեռարձակուի յառաջիկայ 20 Մարտին եւ 9 Մարտին Զուիցերական հեռուստակայանը հրատարակեց անոր մի քանի հատուածները։

հարցազրոյցի ընթացքին Քահանայապետը յայտնեց թէ ինք ամէն օր երեկոյեան ժամը եօթին հեռաձայնային կապ կը հաստատէ Կազայի ժողովրդապետութեան հետ ուր ապաստան գտած են աւելի քան վեց հարիւր անհատներ, որոնք իրեն կը պատմեն թէ ինչ կը պատահի տեղւոյն վրայ։


Վախ չունենալ բանակցութիւններէ` բանակցիլը քաջութիւն է

Ան ապա պատասխանելով Ուքրանիոյ հակամարտութեան մասին ուղղուած հարցումին թէ ոմանք կը մտածեն որ ժամն է բարձրացնելու ճերմակ դրօշը ու յանձնուելու, իսկ ուրիշներ կը կարծեն, թէ այս մէկը պիտի նշանակէ աւելի զօրեղին իրաւունք տալ, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց` թէ այս մէկը «մեկնաբանութիւն մըն է։ Բայց ես կը կարծեմ թէ աւելի հզօրը այն է` որ կը տեսնէ իրավիճակը, ան որ ժողովուրդին կը մտածէ եւ քաջութիւնը ունի ճերմակ դրօշին ու բանակցութեան։ Եւ այսօր կարելի է բանակցիլ միջազգային իշխանութիւններու աջակցութեամբ։ Բանակցիլ բառը քաջարի բառ մըն է։ Երբ տեսնես որ պարտուած ես...հարկաւոր է ունենալ բանակցելու քաջութիւնը։ Կ՛ամչնաս, բայց եթէ դուն այդպէս շարունակես, ո՞րքան մահեր պիտի յայտնուին տակաւին։ Եւ աւարտը շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ։ Հարկ է ժամանակին բանակցիլ, փնտռել Երկիր մը որ միջնորդ ըլլայ։ Այսօր Ուքրանիոյ պատերազմին համար կան շատեր որոնք կ՛ուզեն միջնորդ ըլլալ...Մի ամչնաք բանակցելէ նախ քան հարցը աւելի վատ դառնայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով նաեւ` որ «բանակցիլ չի նշանակեր յանձնուիլ։ Անիկայ քաջութիւնն է երկիրը անձնասպանութեան չտանելու»։

2020ին աղօթքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ անդրադարձաւ 2020 Մարտին, համավարակի օրերուն, ամայի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ լռելեան ու մենակեաց աղօթքին նշելով, որ ինք այդ մէկը կատարեց Տիրոջմէ հայցելու համար որ ողորմի իր ժողովուրդին վրայ»։

Հարցումին թէ ինչու Քահանայապետերը սպիտակ կապայ կը հագուին Ֆրանչիսկոս Պապը բացատրեց թէ այս մէկը ընգրկուած է որպէս աւանդութիւն Տոմինիքեան Քահանայապետի մը շնորհիւ որ ուզած է իր կրօնաւորական զգեստով մնալ, որ ճերմակ էր եւ այս օրէն իրեն յաջորդները եւս որդեգրած են սպիտակը։

Սպիտակը խորհրդանիշ ուրախութեան, խաղաղութեան ու գեղեցիկ բաներու 

Սպիտակը ապա ուրախութեան, խաղաղութեան ու գեղեցիկ բաներու խորհրդանիշն է, ծիսակատարութեան մէջ եւս ան կ՛օգտագործուի Զատկուայ ու Ծնունդի կիրակիներուն առիթով յայտնեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով սակայն, թէ սպիտակը կը ներգրաւէ նաեւ բիծեր, այդ բիծերը նմանեցնելով նաեւ մեղքին որ կ՛աղտոտէ հոգին։ «Սպիտակը կը նշանակէ նաեւ բիւրեղէութիւն» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսեցաւ պատասխանատուութեան մասին, որ վստահուած է բոլորիս, ըլլայ փոքր ըլլայ մեծ, իւրաքանչիւրը ունի իր պատասխանատուութիւնը։

Վկայութեան պատասխանատուութիւնը 

«Քահանայապետն ալ ունի պատասխանատուութիւններ եւ ինծի համար պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ է վկայութեան մէջ կան որոշումներ կայացնելու մէջ» ըսաւ Ան բացատրելով, որ որոշումներու համար ինք ունի բազմաթիւ օգնականներ ու խորհրդատուներ, բայց առօրեայ կեանքին համար չկան մեծ օգնութիւններ, ուստի վկայութիւնը կը դառնայ կարեւոր պատասխանատուութիւն։

Զէնքի արտադրումը ոճրագործութիւն է

Նորին Սրբութիւնը հուսկ դարձեալ ակնարկեց պատերազմներուն հաստատելով, որ այսօր աշխարհի մէջ ամէնէ շահաբեր ներդրումը կու գայ զէնք արտադրող գործարաններէն։ Այսինքն շահեր կը դիզուին սպաննելու համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով նաեւ պատերազմներուն պատճառած աւերները ու մարդկային զոհերը ու անգամ մը եւս հաստատելով որ «պատերազմը խելագարութիւն է` խելագարութիւն»։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը յիշեց թէ ինչպէս իրեն հանդիպած ուքրանացի բազմաթիւ մանուկներու դէմքերուն վրայ ժպիտ չի տեսներ ու այս մէկը կը նշանակէ թէ այդ մանուկները ապագայ չունին։ «Մանուկ մը, որ չի գիտեր ժպտալ ապագայ չունի...պատերազմը ոչ թէ աշխարհագրական այլ մարդկային ձախողութիւն է, միշտ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Կեանքը սպիտակ թուղթ

Հարցազրոյցի ընթացքին Քահանայապետը խօսեցաւ այլ նիւթերու մասին ինչպէս սխալներ գործելը կամ թափանցիկ ըլլալը, կեղծաւորութիւնը, որուն առնչութեամբ նշեց, թէ շատ մը երկիներ պատլրազմներու ընթացքին մարդասիրական օգնութիւններ կ՛ուղարկեն պատերազմի դաշտ, պարզապէս իրենց խղճի խայթը փախկելու որովհետեւ այդ նոյն երկիները, զէնք արտադրող երկիրներէն են։

Հարցազրոյցի աւարտին Սրբազան Պապը ըսաւ որ «Կեանքը դատարկ սպիտակ թուղթի կտոր է և գեղեցիկ պիտի ըլլայ, եթէ կարողանաս գեղեցիկ բան գրել այդ թուղթին վրայ, բայց եթէ վատ բաներ գրես, այդ էջը գեղեցիկ պիտի չըլլայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2024, 17:15