Որոնել

Եմէն, հողագործ, հող, գիւղ Եմէն, հողագործ, հող, գիւղ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Յարգել փոքրիկ հողագործները. կանայք եւ երիտասարդները ապագայի շարժիչ ուժերը

Ընտանեկան հողագործները հիմնական նշանակութիւն ունին գիւղատնտեսական արտադրութիւններու համակարգերը աւելի ներառական, ճկուն, եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար։ Անոնք կարեւոր դեր կը կատարեն ժողովուրդներուն զարգացման մէջ, սակայն կը շարունակուին միշտ թիրախ դառնալ աղքատութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով  մը ողջունեց, «Ընտանեկան հողագործութիւն. Կայունութիւնը մեր եկրագունդին» նիւթով, Սպանիոյ մէջ գումարուած համաժողովին մասնակցիները։ Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը ու քաջալերանքի խօսքը փոխանցեց փոքրիկ հողագործներուն ու բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքի ձեւը ինչպէս նաեւ հողը մշակելու անոնց յարգելի ձեւերը, «հաշուի առնելով անոնց առաջատար դերը իրենց ժողովուրդներու զարգացման մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց նշանակալից ներդրումը սննդամթերքի համաշխարհային արտադրութեան մէջ անոնք կը շարունակուին թիրախ դառնալ աղքատութեան,  հնարաւորութիւններուն պակասին պատճառաւ», նշեց Սրբազան Հայրը։

Մարդկային, հոգեւորական ընկերային մասնագիտութիւններ

Ուղերձին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ վերանորոգեց իր հրաւէրը ուշադիր ըլլալու հողագործներուն մարդկային, հոգեւորական եւ ընկերային կարիքներուն։ «Ընտանեկան գործառնութիւնը, արտադրողական հաստատութիւնը ըլլալէ զատ, անհատներու պատկանելիութեան վայր մըն է, ուր իրենց զիրենք հասկցուած եւ արժէքաւորուած կը զգան իրենց արժանապատուութեան համար, ոչ միայն իրենց արտադրածի եւ ստացած արդիւնքներուն համար», նշեց Սրբազան Հայրը։

Կանանց եւ երիտասարդներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը

Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ իգական սեռի դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ «Հողագործ կիները ապահով ուղեցոյց են իրենց ընտանիքներու համար, ամուր հենակետ են տնտեսութեան առաջընթացի համար՝ յատուկէն զարգացած երկիրներու մէջ, ուր անոնք ոչ միայն շահառուներն են այլեւ իրական շարժիչ ուժեր են այն հասարակութեան մէջ ուր որ կ՝ապրին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ չմոռնար յիշելէ երիտասարդ հողագործները. Սնունդի ապագային համար, «Իրական յեղափոխութիւնը կը սկսի նոր սերունդներուն ուսուցմամբ եւ կազմաւորումով» նշեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով, որ «Երիտասարդներուն մեզի տուած պարգեւը հին խնդիրներու նորարական լուծումներուն պարգեւն է, ինչպէս նաեւ անհեռատես մտածութենէ չ՝ազդուելու քաջութիւնն է , որ կը դիմադրէ փոփոխութիւնը»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 10:26