2024.03.06 Udienza Generale

Աղօթենք խաղաղութեան համար, Տիրոջմէ հայցենք խաղաղութեան պարգեւը

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց հրաւէրը աղօթելու խաղաղութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 Մարտի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքէն ետքը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն խրախուսելով զանոնք այս քառասնորդաց շրջանի օրերուն, շարունակելու իրենց յանձնառումը, ազատուելու ամէն այն բաներէն, որոնք իրենց կեանքը կը դիմակաւորեն, որպէսզի բոլոր սրտով վերադառնան Աստուծոյ, «որ մեզ կը սիրէ յաւէրժական սիրով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա անգամ մը եւս նորոգեց իր հրաւէրը աղօթելու պատերազմի սարսափէն տառապող ժողովուրդներուն համար` Ուքրանիոյ, Սուրբ Երկրի եւ աշխարհի այլ վայրերուն մէջ։

«Աղօթենք խաղաղութեան համար, Տիրոջմէ հայցենք խաղաղութեան պարգեւը։ Բոլորիդ իմ օրհնութիւններս», ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեց «Հայր մեր» աղօթքով ու իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2024, 09:58