Որոնել

2024.03.27 Udienza auletta

Քահանայապետը ողջագուրեց Սուրբ Երկրի պատերազմի թիրախ երկու աղջիկներու հայրերը` խաչով միացած ընկերներ

«Անոնք պատերազմի թշնամութեան չեն նայիր անոնք կը նային բարեկամութեան։ Մտածենք այս երկու անձերու գեղեցիկ վկայութեան, որոնք տառապեցան Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմին համար» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Իսրայէլացի ու Պաղեստինցի այդ երկու հայրերու ողբերգութեան մէջ ապրուած բարեկամութեան օրինակին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 27 Մարտ 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը եզրափակեց յատուկ կերպով նշելով, որ այսօր ունկնդրութեան մասնակցողներու շարքին կան երկու անձեր` երկու հայրեր, որոնք նստած են առաջին շարքին վրայ։

«Անոնցմէ մէկը իսրայէլացի է իսկ միւսը արաբ» ըսաւ Քահանայապետը, «երկուքն ալ իրենց դուստրերը կորսնցուցին պատերազմի ընթացքին ու երկուքն ալ իրար բարեկամ են։ Անոնք չեն նայիր պատերազմի թշնամութեան, այլ երկու մարդոց միջեւ բարեկամութեան որոնք իրար կը սիրեն եւ անցան միեւնոյն խաչելութենէն։ Մտածենք այս շատ գեղեցիկ վկայութեան, այս երկու անձերուն, որոնք իրենց դուստրերուն համար տառապեցան Սուրբ Երկրի մէջ, պատերազմին համար։ Սիրելի եղբայրներ շնորհակալութիւն ձեր այս վկայութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը

Նշենք, որ Նորին Սրբութիւնը հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ առանձնապէս հանդիպեցաւ այս երկու հայրերուն հետ, որոնց պատմութիւնը իրապէս եզակի է ու կը վկայէ մարդկայնութեան վեհանձնութիւնը։ Պատմութիւն` որ Իռլանդացի գրող Կոլում ՄաքՔենը պատմած է «Apeirogon» գիրքին մէջ։

Պասսամ Արամին եւ Ռամի Էլհանանը` ինչպէս ըսինք մէկը Իսրայէլացի ու մէկը Պաղեստինցի կը կիսեն միեւնոյն տառապանքը։

1997ին Ռամիի դուստրը` 13 տարեկան Սմատարը, կը սպաննուի Երուսաղէմի մէջ պատահած Համասի անձնասպանական ահաբեկչական արարքի մը ընթացքին։

Մի քանի տարիներ ետք 2005ին Ռամին կը ծանօթանայ Պասսամ Արամին, խաղաղութեան ի սպաս կատարուած ցոյցի մը ընթացքին։

Այդ թուականէն երկու տարիներ ետք` 16 Յունուար 2007ին Պասսամին 10 տարեկան աղջնակը` Ապիրը, իր կարգին թիրախ կը դառնայ վայրագ մէկ արարքի երբ սահմանապահ Իսրայելացի զինուոր մը զայն կը սպանէ կրակ բանալով անոր վրայ։

Ռամին անմիջապէս կը փութայ իր բարեկամին մօտ եւ երկու օր անոր հետ կը կիսէ, անոր զաւկին մահուան ու կեանքի միջեւ պայքարը, աղջնակը սակայն ծանր վիճակի մէջ էր ու չկարողացաւ դիմանալ։ «Ինծի համար այդ եղաւ դուստրիս երկրորդ կորուստը» հաստատեց Ռամին մինչ Պասսամը աւելցուց` որ իրապէս ցաւալի էր Ռամիի դէմքին վրայ նշմարել անոր յանցաւորի զգացումը, տրուած ըլլալով որ ինք իսրայէլացի էր։

Այդ օրէն Ռամին ու Պասսամը որոշեցին իրենց պատմութիւնը պատմել փոխանցելու համար պատգամ մը` թէ միշտ ալ կայ այլ ընտրանքի մը կարելիութիւնը` միշտ կայ այլ ճանապարհ։ Ու թէ «այս հակամարտութիւնը երբեք վերջ պիտի չունենայ եթէ մենք շարունակենք իրար հետ չխօսիլ» կը հաստատեն անոնք։

«Պաղեստինցիներուն համար պատիւ չէ իսրայէլացի ընկեր ունենալը, քանի որ զանոնք կը համարեն նրանց տիրապետեր, բայց ես անմիջապէս սիրեցի Ռամիին, և մենք յայտնաբերեցինք, որ մենք ունինք միեւնոյն արժէքները, ի վերջոյ մենք բոլորս մարդ ենք» կը նշէ Արամինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2024, 11:00