Ջուրը դարձնել բոլորի համար կեանքի եւ առաջընթացի աղբիւր. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր հսկայական ֆինանսական միջոցներ և նորարարական արհեստագիտութիւններ, որոնք կարող են օգտագործուիլ #ջուրը դարձնելու բոլորի համար կեանքի և առաջընթացի աղբիւր, կը յատկացուին զէնքի արտադրութեան։ Մինչ այդ, աւելի քան երբևէ հրատապ է ներդրումներ կատարել երկխօսութեան և խաղաղութեան ուղղութեամբ». Գրառումն է այս, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կատարեց այսօր` 22 Մարտին, «Ջուրին» նուիրուած Օրուան առիթով։ Օր` որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1992 թուականին հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու ջրային վիճակի եւ խնդիրներուն վրայ, որպէսզի անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկուին ըմպելի ջուրը հասանելի դարձնելու բոլորին։
Արդարեւ Հրատապ է աղտոտուած ջուրը մաքուրի վերածելու, անվտանգ և տնտեսապէս գրաւիչ պաշարի, որ 21րդ դարու հանգուցային մարտահրաւէրներէն մին է, համաշխարհային մարդկութեան գոյատևման համար։
Ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ին` աշխարհի մէջ հինգ տարեկանէն վար իւրաքանչիւր հազար մանուկներէն հինգը կը մահանան ջուրի պակասի եւ առողջապահական անպատշաճ ծառայութիւններուն կապուած հետեւանքներուն պատճառաւ։ Աշխարհի մէջ 4 անձերու վրայ մէկը ապահով ու անվտանգ ըմպելի ջուրի պակասը կը զգայ իսկ շատ մը երկիրներուն մէջ ջուրի կուտակումին ու անոր փոխադրութեան գործը սահմանուած է կիներուն։ Արդարեւ համայն մարդկութեան 16% գրեթէ 1,8 միլիառ մարդ ջուրը կը կուտակէ տունէն դուրս գտնուող աղբիւրներէ։
ՄԱԿ-ին համար երբ ջուրը ապականած է կամ կը պակսի, եւ կամ երբ ջուրը անհատներուն երաշխաւորուած է անհաւասար կերպով, բախումները կարող են աճիլ հասարակուիւններու ու երկիրներու միջեւ։ Աշխարհի մէջ աւելի քան 3 միլիառ մարդ կախուած է ազգային սահմանները հատող ջուրերէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ