Որոնել

2023.10.27 Preghiera per la Pace

Աղօթքը մեր սիրտը կը լայնցնէ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Սրտով ունկնդրելը շատ աւելին է քան պատգամ մը լսելը կամ տեղեկութիւններ փոխանակելը...անիկայ ներքին ունկնդրութիւն մըն է` որ կարող է հասկնալ միւսին կարիքներն ու իղձերը, յարաբերութիւնը մը, որ մեզ կը հրաւիրէ յաղթահարելու օրինաչափութիւնները և այն նախապաշարումները, որոնց մէջ մենք երբեմն կը դասաւորենք մեր մօտ գտնուողին կեանքը։ Ունկնդրելը միշտ ալ ճանապարհորդութեան մը սկիզբն է»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթքը մեր սիրտը կը լայնցնէ, մեզ վար կ՛իջեցնէ մեր եսակեդրոնութեան պատուանդանէն, մեզ կը դաստիարակէ միւսը ունկնդրելու ու մեր մէջ կը հրահրէ հայեցողականութեան լռութիւնը»#ԱղօթքիՏարի. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերն են ասոնք, որ կը կարդանք երկուշաբթի 11 Մարտին հրատարակած իր թուիթին մէջ նուիրուած 2024ի Աղօթքի Տարուան, որ Քահանայապետը հռչակեց որպէս 2025ի Յոբելենական տարւոյն պատրաստութեան տարի։

Գրառումին պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ տարի` 21 դեկտեմբերին Հռոմի Քուրիային ուղղած ճառէն, որուն մէջ Ան ի միջի այլոց նշած էր  `թէ «ծնկաչոք ունկնդրելը ամենալաւ ձեւն է ունկնդրութեան, որովհետեւ կը նշանակէ, թէ մենք միւսին դիմացը չենք կանգնած, որպէս մէկ մը` որ ամէն բան գիտէ...մէկ մը որ վերէն վար կը նայի միւսին, ընդհակառակը, այս մէկը մեզ կը բանայ միւսի խորհուրդին, պատրաստ հեզութեամբ ընկալելու այն ինչ` որ մեզի կ՛ուզէ փոխանցել»։

«Զիրար ունկնդրելու համար կարիքը կայ ներքին լռութեան, բայց նաեւ ունկնդրութեան ու պատասխանի միջեւ լռութեան տարածքի մը...նախ կ՛ունկնդրենք, ապա լռութեան մէջ կ՛ընկալենք, կը խորհինք, կը մեկնաբանենք ու միայն ետքն է` որ կարող ենք պատասխան մը տալ։ Եւ այս բոլորը կը սորվինք աղօթքին մէջ, որովհետեւ ան կը լայնեցնէ սիրտը» ըսած էր Հռոմի Քուրիայի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Սրտով ունկնդրելը շատ աւելին է քան պատգամ մը լսելը կամ տեղեկութիւններ փոխանակելը...անիկայ ներքին ունկնդրութիւն մըն է` որ կարող է հասկնալ միւսին կարիքներն ու իղձերը, յարաբերութիւն մը, որ մեզ կը հրաւիրէ յաղթահարելու օրինաչափութիւնները և այն նախապաշարումները, որոնց մէջ մենք երբեմն կը դասաւորենք մեր մօտ գտնուողին կեանքը։ Ունկնդրելը միշտ ալ ճանապարհորդութեան մը սկիզբն է» հաստատած էր Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2024, 13:30