Որոնել

Pope Francis holds weekly general audience at the Vatican

Պէտք է` որ բոլորս ջանք գործադրենք բանակցելու համար. Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը Սուրբ Յովսէփի հովանիին յանձնեց Եկեղեցին ու աշխարհը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ ու Սուրբ Երկրին բնակչութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 20 Մարտ 2024ի առաւօտուն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող իտալացի ուխտաւորները Սրբազան Պապը խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն, յիշելով որ երէկ տօնախմբուեցաւ Սուրբ Յովսէփին տօնը` տիեզերական Եկեղեցւոյ պաշտպանը։

«Ձեզի հետ միասին կ՛ուզեմ Անոր հովանիին յանձնել Եկեղեցին ու համայն աշխարհը, մասնաւորապէս բոլոր հայրերը, որոնք անոր մէջ ունին ընդօրինակելիք եզակի տիպար մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Յովսէփի հովանիին յանձնելով նաեւ Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրին, Պաղեստինի ու Իսրայէլի ժողովուրդները, «որոնք մեծապէս կը տառապին պատերազմի սարսափէն» յարեց Ան, հրաւիրելով երբեք չմոռնալ որ «պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է։

«Պատերազմով կարելի չէ յառաջ ընթանալ։ Պէտք է` որ բոլորս ջանք գործադրենք բանակցելու համար, բանակցինք պատերազմին վերջ տալու համար» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով բոլորը աղօթելու այս դիտաւորութեամբ։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 10:05