Աղօթենք խաղաղութեան համար` Տէրը Զատկուան որպէս նուէր մեզի պարգեւէ խաղաղութիւնը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 27 Մարտի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով նաեւ երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն։
«Այս Աւագ Շաբթուայ հոգեւոր մթնոլորտին մէջ կը հրաւիրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, այս օրերը ապրելու աղօթքով, որպէսզի բացուինք Փրկիչ Քրիստոսի շնորհքին, աղբիւր ուրախութեան ու ողորմութեան» ըսաւ Քահանայապետը այս նոյն յորդորը ուղղելով նաեւ այլ լեզուներու պատկան ուխտաւորներուն։
«Զատկուայ տօնին մօտենալով՝ մեր մտքին և սրտին մէջ կրենք հիւանդներուն, աղքատներուն և լուսանցքայիններուն տառապանքները, յիշելով նաև պատերազմներու անմեղ զոհերը, որպէսզի Քրիստոս Իր Յարութեամբ խաղաղութիւն և մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը ուխտաւորներուն։ Ան ապա նախ քան բոլոր ներկաներուն իր օրհնութիւնները շնորհելը խնդրեց աղօթել խաղաղութեան համար։
«Աղօթենք խաղաղութեան համար, թող Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ մարտիրոս Ուքրանիոյ, որ ահաւոր կերպով կը տառապի ռմբակոծումներուն տակ, խաղաղութիւն նաեւ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ, թող խաղաղութիւն ըլլայ Սուրբ Երկրին մէջ. Թող Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ բոլորին, որպէս իր Զատկուան նուէր» ըսաւ Քահանայապետը իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ