Որոնել

Pope Francis receives President of Montenegro Jakov Milatovic

Քահանայապետը ընդունեց Մոնթենեկրոյի Հանրապետութեան նախագահը

Պետական քարտուղարութեան մէջ հանդիպումի ընթացքին ի յայտ դրուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Մոնթենեկրոյի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները ու քննարկուեցան կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, ընդգծելով տեղական կաթողիկէ հասարակութեան դրական ներդրումը Մոնթենեկրոյի ընկերութեան մէջ ու մատնանշելով Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ փոխյարաբերութեան բաց հարցերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր` Հինգշաբթի 7 Մարտ 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Մոնթենեկրոյի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Եաքով Միլաթովիչին». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ, թէ Նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` վսեմաշուք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու ու միջազգային Կազմակերպութիւններու յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

«Պետական քարտուղարութեան մէջ հանդիպումի ընթացքին ի յայտ դրուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Մոնթենեկրոյի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները ու քննարկուեցան կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, ընդգծելով տեղական կաթողիկէ հասարակութեան դրական ներդրումը Մոնթենեկրոյի ընկերութեան մէջ ու մատնանշելով Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ փոխյարաբերութեան բաց հարցերը։

Այնուհետև վերատեսութեան ենթարկուեցան որոշ ընթացիկ նիւթեր, որոնց շարքին Մոնթենեկրոյի և Արևմտեան պալքաններու այլ երկիրներու ուղեւորութիւնը դէպի լիարժէք ընդելուզում Եւրոմիութեան մէջ, հուսկ Իսրայէլի, Պաղեստինի և Ուկրանիայի մէջ հակամարտութիւնը» կը կարդանք միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Յայտնենք` որ Քահանայապետին եւ Մոնթենեկրոյի նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց երեսուն վայրկեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2024, 13:30