Գերապայծառ Վինչենցօ Թորթուռոյին Եպիսկոպոսական օծումի արարողութենէն առնուած լուսանկար Գերապայծառ Վինչենցօ Թորթուռոյին Եպիսկոպոսական օծումի արարողութենէն առնուած լուսանկար  (Vatican Media)

Ուրուկուսայի Պապական նուիրակ գերապայծառ Վինչենցօ Թուրթուռոն օծուեցաւ Եպիսկոպոս

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ այսօր առաւօտեան, Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ եպիկսպոս օծուեցաւ Փարակուայի Պապական նուիրակ, գերապայծառ Վինչենցօ Թուրթուռոն՝ ձեռամբ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 9 մարտին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Փարակուայի Պապական նուիրակ նշանակուած գերապայծառ Վինչենցօ Թուրթուռոյին եպիսկոպոսական օծումը՝ ձեռամբ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։ 

Եպիսկոպոսական օծումի արարողութեան ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղարը իր արտասանած քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացնելով Պապական նուիրակի իմաստին վրայ նշեց, որ Պապական նուիրակ կը նշանակէ պատգամաբեր, որուն իւրաքանչիւր պատգամը բնութագրուած է ածականով մը, հետեւաբար բան մը կատարելու եւ չկատարելու բան մը ըսելու եւ չ՝ըսելու խնդիր չէ, այլ առաքեալ ապրելու, կեանքը սպառելու եկեղեցւոյ եւ այն երկիրներուն համար ուր ալ կը գտնուին ու այդ երկիրներու մէջ Պապական նուիրակը երբեք օտար չզգայ, ոչ թէ կաթողիկէներուն ակնյայտ ներկայութեան համար, այլ մասնաւորաբար, որովհետեւ այդ երկիրներու ժողովուրդը ինչպէս ամէն ժողովուրդ բնակուած եւ սիրուած է Աստուծմէ ,որ «այժմ քեզ կ՝առաքէ որպէս առաքեալ՝ըստ սահմանումին», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։

Ան քարոզը աւարտեց մէջբերելով այսօրուան աւետարանին մէջ նշուած Յիսուսի խօսքը« ձեզի ընտրեցի որպէսզի երթաք եւ պտուղ տանիք եւ ձեր պտուղը մնայ ու մաղթելով որ Սուրբ Հոգին իր շնորհքներով լեցնէ նոր եպիսկոպոսը, որպէսզի ուրախութեամբ ծառայէ իրեն յանձնուած եղբայրներուն եւ եղբայրներուն որովհետեւ անոնք տաճարներ են ուր կը բնակի մեր Տէրը , ըսաւ Պետական քարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2024, 12:55