Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Թէոֆիթ պատրիարքին մահուան կապակցութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր մը յղելով Պուլկարիոյ Նորին Օծութիւնը Նէոֆիթ Պատրիարքին մահուան կապակցութեամբ, Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ սուրբ Սինոդին նախագահին նշեց, որ մեծ տխրութեամբ իմացաւ պատրիարքին մահուան լուրը, որ «Պուլկարիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ եղած է հաւատքի մեծ վկայ»։
Ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Նորին Օծութիւն Նէոֆիթ պատրիարքը, Աւետարանի եւ երկխօսութեան համար մատուցած է թանկարժէք ծառայութիւն ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն մնացած էր խոնարհ եւ ուրախ մարդ, Եկեղեցւոյ եւ տիրոջ նուիրաբերուած կեանքի տիպար մը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրը աւարտած է ապահովուելով իր աղօթքը, «Որպէսզի Յիսուս Քրիստոսը որ մեռելներէն Յարութիւն առաւ ու իր մահով յաղթեց մահուան եւ մեռելներուն կեանք տուաւ, կարենայ բոլորին սիրտերը լեցնէ խաղաղութեամբ եւ մխիթարութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ