Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրդը կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրդը կը կատարէ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Խոստովանանքը ինքնավերլուծութիւն չէ, այլ Աստուծոյ ողորմութեան ճանաչում

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ իր սիրտի խօսքը փոխանցեց խոստովանահայրերու համար կազմակերպուած դասընթացքի հետեւորդներուն ու անոնց փոխանցած պատգամին նիւթը եղաւ զղջումի ներգործութիւնը. Զղջալ Աստուծոյ առջեւ, Վստահիլ Աստուծոյ եւ առաջադրել այլեւս չմեղանչել։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 8 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Առաքելական Ատեանի կողմէ կազմակերպուած խոստովանանքի դասընթացքի հետեւողները ու անոնց փոխանցեց պատգամ մը, որուն առանցք եղաւ Քառասնորդացն ու Յոբելինական սուրբ Տարուան նախապատրաստման Աղօթքի տարին ու այս առնչութեամբ հրաւիրեց մտածել Սուրբ Խոստովանքի խորհուրդի ընթացքին արտասանուած Զղջումի ներգործութիւնը։ «Այս աղօթքը կը պահպանէ իր ողջ վաւերականութիւնը՝ թէ հովուական եւ թէ Աստուածաբանական, որուն հեղինակն է Բարոյական Աստուածաբանութեան վարդապետ, Սուրբ Մարիա Տէ Լիկորին, ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով խոստովանահայրերը կեդրոնանալու զղջումի ներգործութեան մէջ արտասանուած երեք կեցուածքներուն վրայ։ Զղջում Աստուծոյ առջեւ, վստահիլ Անոր եւ առաջադրել այլեւս չմեղանչել ։

Զղջում

Զղջումը ինքնավերլուծութեան պտուղ չէ, ոչ իսկ հոգեկան մեղքի զգացում, այլ կը բխի Աստուծոյ անսահման սիրոյ ու Անոր անսահման ողորմածութեան դիմաց մեր թշուառութեան գիտակցութենէն։ Իրականութեան մէջ սա է փորձառութիւնը, որ կը մղէ մեր հոգին ներողութիւնը խնդրելու Անորմէ, վստահ ըլլալով իր հայրութեան մէջ ինչպէս կ՝ըսէ զղջումի աղօթքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Վստահութիւն

Անդրադառնալով երկրորդ կեցուածքին ՝վստահութիւն, Սրբազան Հայրը նշեց որ «Զղջումի ներգործութեան մէջ Աստուած նկարագրուած է որպէս «Ամենաբարի եւ արժանի է սիրուելու ամէն բանէ աւելի ու գեղեցիկ է տեսնել ապաշխարողին շրթներուն վրայ, Աստուծոյ անսահման բարութեան ու Անոր հանդէպ սիրոյ առաջնահերթութեան ճանաչումը։ Եւ դա առաջնահերթութիւն մըն է, որ կը վերակենդանացնէ ամէն մէկ սէր՝ մարդոց եւ արարչագործութեան հանդէպ, որովհետեւ Ան որ Աստուած կը սիրէ, կը սիրէ իր եղբայրը եւ կը փնտռէ միշտ անոր բարիքը, արդարութեան եւ խաղաղութեան ներքեւ։ (1Յովհ 4,19-21)

Առաջադրութիւն

Այս կեցուածքը կ՝արտայայտէ ապաշխարողին կամքը՝ այլեւս չ՝իյնալու գործած մեղքին մէջ եւ ցոյց կու տայ կարեւոր անցում կատարելը՝ անկատար զղջումէն դէպի զղջում, անկատարեալ ցաւէն դէպի կատարեալ։ Մենք մեր վերաբերմունքը կը դրսեւորենք ըսելով «Կ՝առաջադրեմ այլեւս չմեղանչել քու սուրբ շնորհքովդ։Այս խօսքերը», ըսաւ Սրբազան հայրը կ՝արտայայտեն նպատակ եւ ոչ թէ խոստում։ Իրականին մէջ մեզմէ, ոչ մէկը չկրնայ Աստուծոյ խոստանալ, որ նորէն պիտի չմեղանչէ։ Պարտաւորութիւն մըն է, որ կը որդեգրենք՝ խոնարհութեամբ, ինչպէս կ՝արտայայտուի զղջումի ներգործութեան մէջ՝ Քու սուրբ Շնորհքովդ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց բոլորին ուշադրութեան յանձնելով զղջումի ներգործութեան վերջին նախադասութիւնը «Տէր, ողորմութիւն, ներէ ինծի»։ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Հոս ողորմութիւն եւ Տէր բառերը կը յայտնուին որպէս հոմանիշներ եւ սա որոշիչ է։ Աստուած ողորմութիւն է «Ողորմութիւնը անոր Անունն ու դիմագծին է։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց քաջալերելով խոստովանահայրերը որ ամէն մէկ խոստովանքի խորհուրդը ապրին որպէս եզակի եւ անկրկնելի շնորհքի պահ մը, առատաձեռնութեամբ շնորհել Տիրոջ ներումը՝ համբերութեամբ, բարութեամբ եւ «նոյնիսկ պիտի ըսէի մայրական քնքշութեամբ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով նաեւ խոստովանահայրերը աղօթելու եւ յանձնառու դառնալու ,որպէսզի այս Յոբելինական նախապատրաստական տարին տեսնէ, որ Հօր ողորմութիւնը կը ծաղկի շատերուն եւ բազմաթիւ վայրերուն մէջ եւ այսպէս Աստուած միշտ կը դառնայ աւելի սիրուած, ճանչցուած եւ փառաբանուած։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2024, 11:35