Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց զարգացնել ողորմածութեան հոգեւորականութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց աւետարանումի վերատեսչութեան, աշխարհի մէջ հիմնական հարցերու բաժանմունքի, տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 15 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց աւետարանումի վերատեսչութեան, աշխարհի մէջ հիմնական հարցերու բաժանմունքի, տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները ու անոնց ուղղեց պատգամ մը զոր կարդաց գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլին, տակաւին անհանգիստ զգալու պատճառով

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց աշխարհի մէջ աւետարանացումի վերաբերող կարգ մը հարցերուն, նախ եւ առաջ տեղական տարբեր եկեղեցիներուն մէջ ապրուած աշխարհիկութեան կապուած խնդիրներ՝ սկսեալ քրիստոնէական համայնքի պատկանելիութեան իմաստի կորուստէն, մինչեւ հաւատքի ու անոր բովանդակութեան հանդէպ անտարբերութիւնը։

« Յարուցեալ Տիրոջ հանդէպ հաւատքի փոխանցման համար, որ աւետարանումի սիրտն է կը պահանջէ ընտանիքի եւ քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ ապրուած նշանակալից փորձառութիւն , որպէս Քրիստոսի հետ հանդիպում, որ կը փոխէ կեանքը ու առանց այս էական հանդիպումին մենք միշտ կ՝ենթարկուինք՝ հաւատքը տեսութիւն եւ ոչ թէ կեանքի վկայութիւն դարձնելու փորձութեան» նշեց սրբազան Հայրը1

Հաւատքի փոխանցման համար Սրբազան Հայր անհրաժեշտ նկատեց 2020 թուականին աւետարանումի վերատեսչութեան կողմէ պատրաստուած նոր Ուղեցոյցը, ըսելով որ անիկա վաւեր գործիք մըն է, ոչ միայն կաթողիկէ վարդապետութեան թարմացումի վերանորոգման, այլ միասնութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքի ներգրաւման համար ու այս առաքելութեան մէջ յատուկ դերակատարութիւն ունի կրօն ուսուցիչը ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք պիտի ստանան քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցման պաշտօնը որպէսզի ամրապնդուին աւետարանչական իրենց նուիրուածութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ողորմածութեան հոգեւորականութեան մասին ու այս առնչութեամբ անդրադարձաւ սրբավայրերու հովուական ծառայութեան խնդրելով ներկաներէն, որ այդ ծառայութիւնը յատկանշուած ըլլայ ողորմածութեամբ, որպէսզի սրբավայրերը ժամանող բոլոր հաւատացեալները հ կարենան գտնել խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Ողորմածութեան միսիոնարներուն մասին, որոնք խոստովանքի խորհուրդը վեհանձն ծառայութեամբ կը մատուցեն յարելով որ երբ աւետարանումը կ՝իրականացուի օծումով եւ ողորմածութեան ոճով, անիկա աւելի լսում կը գտնէ եւ սիրտը կը բացուի դարձի գալու մեծ պատրաստակամութեան։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց յոբելինական սուրբ Տարուան նախապատրաստական տարուան մասին, նշելով որ յոբելինականը պիտի դառնայ սուրբ Տարին, որուն ընդմէջէն ի յայտ պիտի գայ յոյսի ուժը ու ասոր մասին յառաջիկայ շաբաթներու պիտի հրապարակէ առաքելական նամակ մը անոր պաշտօնական սկիզբի մասին, մաղթելով որ այդ առաքելական նամակի էջերը կարենան օգտակար դառնալ խոկալու,  յատուկէն շօշափելի կերպով ապրելու յոյսը։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց աւետարանումի վերատեսչութեան անդամներուն յոյբելինական սուրբ տարուան պատրաստութեան համար թափած ջանքերու համար, վստահեցնելով որ այդ աշխատանքները արդիւնաբեր պիտի դառնան։

Նորին Սրբութիւնը զրուցեց նաեւ յոբելեանին նախորդող սուրբ տարուան մասին որ նուիրուած է աղօթքի, ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է բացայայտել աղօթքը որպէս Տիրոջ ներկայութեան մէջ մնալու փորձառութիւնը, Անոր կողմէ հասկցուած, սիրուած զգալու փորձառութիւնը։

Սրբազան Հայրը Պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2024, 11:39