Որոնել

Մարդավաճառութիւն, սեռային չարաշահում Մարդավաճառութիւն, սեռային չարաշահում 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Տիրոջ վստահիլ մեր ստացած եւ պատճառած տառապանքները

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լատին Ամերիկիոյ մէջ խոցելիութեան եւ չարշահումներուն մասին հագումարին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

12էն-14 մարտին, Փանամայի մէջ գումարուած է Ամերիկիոյ մէջ խոցելիութեան եւ չարշաւումներուն մասին երրորդ համագումարը, ունենալով որպէս նիւթ «Խոցելիութիւն եւ չարաշահում, կանխարգիլման լայն տեսութիւնը»՝ կազմակերպութեամբ CEPROME-ի։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով մը ողջունեց համագումարի մասնակիցները ու իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպիչներուն խնդրելով անոնցմէ Տիրոջ վստահելու իրենց աշխատանքը՝ արմատախիլ ընելու ընկերութեան բոլոր շրջանակներէն ներս սեռային չարաշահումներուն հիւանդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա վերանորոգեց անցեալ 25 Սեպտեմբերին, վերոյիշեալ կազմակերպութեան պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին փոխանցած պատգամը, որուն մէջ կ՝ընդգծէ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ իւրաքանչիւր զոհերու մէջ տեսնել Յիսուսի տառապող դիմագիծը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութիւնը՝ Տիրոջ ոտքերուն տակ դնել ստացած եւ պատճառած տառապանքները, խնդրելով Տիրոջմէ մեղաւորներուն, ամենադժբախ եւ յուսահատ անձերուն դարձի գալը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ամէն մէկ համայնքի մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ մարդկայնացնել յարաբերութիւնները կը նշանակէ յանձնառու դառնալ կազմելու հասուն եւ համահունչ անհատներ, ամրապնդուած իրենց հաւատքով ինչպէս նաեւ բարոյական սկզբունքներով ու կարող դիմակայելու չարիքը, վկայելու համար մեծ Ճշմարտութիւնը։

«Ընկերութիւնը եթէ հիմնուած չէ այս բարոյական համապարփակ սկզբունքներուն վրայ կը դառնայ հիւանդ ընկերութիւն, եսասիրութեան, անվստահութեան, վախով եւ խաբէութեամբ այլասերուած մարդկային յարաբերութիւններով», նշեց Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց հրաւիրելով վստահելու Տիրոջ զօրութեան մեր մարդկային տկարութիւնը, Հայցելու Նահատակներուն թագաւորէն, որ պարգեւէ աշխարհի մէջ իր վկաները ըլլալու շնորհքը։ Ապա յանձնելով Տիրամօր հովանին խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2024, 15:20