Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ցաւին մէջ Աստուած մեզի կը պատասխանէ մեր հետ քալելով եւ մեր կողքին կանգ առնելով

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց խումբ մը ծնողներ, որոնց ծաւակները մահացած են։ Ընկերակցութիւնը կը կրէ «Talità kum» անունը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 2 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց զաւակները մահացած ծնողներու «Talità kum» ընկերակցութեան անդամները ու անոնց փոխանցեց պատգամ մը, զոր ընթերցեց գերապայծառ Չամփանելլին։

«Առաջին բանը, զոր կը փափաքիմ այն է նայիլ ձեր դէմքերուն, գրկբաց ընդունիմ ցաւով բնորոշուած ձեր պատմութիւնները եւ քնքշութիւն շնորհել ձեր սիրտին՝ կոտրուած եւ խոցուած, այնպէս ինչպէս Յիսուսը՝ Խաչին վրայ. սիրտ մը ողողուած արցունքներով եւ յօշոտուած դատարկութեան ծանր զգացումով», կը կարդանք Քահանայապետին պատգամին մէջ, ուր նշուած է որ «Ցաւը երբ՝ մանաւանդ այնքան տանջալի է եւ զուրկ բացատրութիւններէն պէտք է որ կառչած մնայ Աստուծոյ գիշեր ցերեկ աղաղակող աղօթքի թելի, որ երբեմն կ՝արտայայտուի բառերու բացակայութեամբ, որ չփորձեր լուծել խնդիրը, ընդհակառակը կը պարունակէ հարցումներ, որոնք միշտ կը վերադառնան, Ինչո՞ւ Տէր, Ինչո՞ւ ասիկա ինծի պատահեցաւ, Ո՞ւր ես Դուն մինչ մարդկութիւնը կը տառապի եւ իմ սիրտս կը ողբայ անյաղթահարելի կորուստով», նշած է Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ երբ որ  ճամբայ կ՝ելլենք մեծ քաջութեամբ եւ նոյնիսկ դժուարութեամբ, «Այդ տառապանքի հարցումներն են, որոնք կը բանան լոյսի շողեր եւ ուժ կու տան յառաջ երթալու», նշեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ որպէս աղերս Աստուծոյ բարձրացած հարցումը առողջ է։ Աղօթք է։ Եթէ անիկա կը ստիպէ մեզ խորանալ ցաւի յիշողութեան մէջ եւ ողբալ կորուստին համար, միաժամանակ կը դառնայ աղերսի առաջին քայլը եւ կը բանայ ստանալու ներքին մխիթարութիւնն ու խաղաղութիւնը, զոր Տէրը երբեք չդադրիր շնորհելէ», նշեց Նորին Սրբութիւնը ու այս առնչութեամբ օրինակ բերաւ Մարկոս Աւետարանէն քաղուած Յայրոսի աղջկան հատուածը, ( Մարկ 5,22-43), որուն մէջ կը պատմուի հօր մը մասին որ, ժողովարանի պետն էր Յիսուսէն կը խնդրէ, որ բուժէ իր մահամերձ աղջիկը։

«Այս դրուագին մէջ կայ յուզիչ պահ մը», նշեցՍրբազան Հայրը աւելցնելով, Յիսուսի ուղեւորութիւնը այդ վշտահար հօր հետ կրնար ընդհատուիլ երբ տան կողմէ հասաւ լուր մը, որ չէր ուզեր լսել, «Աղջիկդ մեռաւ։ Ին՞չու կը նեղես վարդապետը»,(35)։ Յիսուս կրնար կանգ առնել, ձեռքերը բանալ եւ ըսել «աւելի բան չկայ ընելիք»։ Սակայն մարդուն կ՝ըսէ «միայն հաւատայ» ու կը շարունակէ քալել մարդուն հետ մինչեչ, որ տուն մտնէ եւ բռնելով փոքրիկ աղջկան ձեռքը անոր կեանք կու տայ եւ ոտքի կը հանէ» նշած է Քահանայապետը մատնանշելով, որ Աւետարանի այդ հատուածը կարեւոր բան մը կը փոխանցէ. «Տառապանքին մէջ Աստուծոյ պատասխանը ճառ մը կամ տեսութիւն մը չէ, այլ Անոր քալելն է մեր հետ, Անոր կանգ առնելն է մեր կողքին»։

Քահանայապետը ճառը աւարտեց յայտնելով որ  բոլորը իր սիրտին մէջ կը կրէ ու իր աղօթքը կ՝ապահովուէ, խնդրելով նաեւ ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2024, 10:36