Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդ մանուկի մը հետ Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդ մանուկի մը հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանի անձնակազմին. Ձեր ուժը կը կայանայ սէր նուիրելու մէջ

Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի ղեկավարներն ու անձնակազմը, մանկաբուժարանի հիմնադրութեան առաջին հարիւրերորդ ամեակի առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 16 մարտին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի ղեկավարներն ու անձնակազմը, մանկաբուժարանի հիմնադրութեան առաջին հարիւրերորդ ամեակի առթիւ։ Հանդիպումի սկիզբը Սրբազան Հայրը յարեց, որ ինք ուրախ է այս այցելութեան համար եւ տակաւին քիչ մը անհանգիստ զգալուն պատճառով իր պատգամը պիտի կարդայ Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլին։

Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ մէկ դար առաջ Սալիաթի ընտանիքը Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը նուիրեց Սուրբ Աթոռին, որ մանուկներուն նուիրուած առաջին հիւանդանոցն եղաւ եւ այդ պարգեւը ստացաւ Պիոս ԺԱ Պապը, որ հիւանդանոցին աշխատանքներու մէջ տեսաւ Պապին եւ եկեղեցւոյ եղբայրսիրութեան արտայայտութիւնը հիւանդ երեխաներու նկատմամբ ու այն ժամանակէն,  անիկա ճանչցուեցաւ որպէս «Պապին հիւանդանոցը»։

Սրբազան Հայրը ապա ներկաները հրաւիրեց երախտապարտութեամբ մտածելու այդ կառոյցի հարստութեան մասին, կեդրոնանալով երեք երեւոյթներուն վրայ. Նուէր, հոգատարութիւն եւ համայնք

Նուէր

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Մանուկ Յիսուսի մանկաբուժարանը աշխարհի չորս ծագերէն ներս յայտնի հիւանդանոց մըն է, սակայն իր պատմութեան, կոչումին մէջ հիմնական եղած է նուէրի տարրը՝ ձրիութեան, վեհանձնութեան, համեստութեան, նուիրուածութեան արժէքներուն հետ։ Յիշելով ապա այն բոլոր բարերարները, որոնք նպաստեցին հիւանդանոցին իրականացման համար Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ նուէրը Մանկաբուժարանի անդամներուն էութեան եւ գործողութեան անփոխարինելի տարրն է ։

Երկրորդ հոգատարութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ գիտութիւնը՝ հետեւաբար հոգատարութեան կարողութիւնը առաջին պարտականութիւններն են, որոնք բնորոշեցին Մանուկ Յիսուսի մանկաբուժարանը։ Այս ուղղութեամբ քաջալերեց ներկաները որ այդ նոյն սլացքով յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեն տկարներուն, ծանր հիւանդութիւններէ տառապողներուն զգուշացնելով, որ գիտութիւնն ու անոր կարողութիւնը չդառնան քիչերուն առանձնաշնորհում այլ բժշկական հետազօտութիւններու պտուղները զետեղուած ըլլան բոլորի տրամադրութեան տակ յատուկէն հոն ուր անոնց  շտապ կարիքը կայ։ Սրբազան Հայրը յորդորեց նաեւ ազնիւ եւ քնքուշ ըլլալ  հիւանդներուն, անոնց ընկերացած ընտանեկան պարագաներուն հետ շեշտելով, որ չկայ հոգատարութիւն, առանց յարաբերութեան, եղբայրսիրութեան եւ քնքշութեան՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ

Համայնք

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ «Կեանքեր, որոնք կ՝օգնեն կեանքին», Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանին առաքելութիւնը նկարագրող ամենէն գեղեցիկ արտայայտութիւն է, անիկա գեղեցիկ է որովհետեւ կը խօսի առաքելութեան մասին, միասնաբար յառաջացած, ընդհանուր աշխատանքի միջոցաւ, որուն մէջ կայ իւրաքանչիւրին նուէրը նշեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի ղեկավարները եւ անձնակազմի աշխատանքը առաքելութիւն է ու իւրաքանչիւր անոնցմէ կը գործէ տարբեր ձեւով ու այս բոլորին ընդմէջէն ի յայտ կու գայ միասին աշխատիլը ու տարբեր նուէրներ, որոնք կը նպաստեն փոքրիկ հիւանդներուն բարօրութեան։


Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց ըսելով, թէ ամէն անգամ երբ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարան կ՝երթայ կը զգայ երկու հարկադիր զգացումներ։ Նախ ցաւ կը զգայ տառապող մանուկներուն ու անոնց ծնողաց առջեւ, սակայն միաժամանակ մեծ յոյս կը զգայ տեսնելով այն բոլոր բաները զոր կը կատարուին բուժելու համար հիւանդնեը

Նշենք, որ Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլին, Պապին Պատգամը կարդալէ ետք, Քահանայապետը խօսք առնելով օրհնեց  ներկաները, հիւանդները, բժիշկներն  ու Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին մէջ գտնուող բոլոր անձերը, ապա  ապա հրաւիրեց հրաւիրեց աղօթելու Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2024, 11:26