Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Բոլորս երկրագունդին պահապաններ ենք եւ ոչ թէ սեփականատէրերը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական գիտութիւններու եւ ընկերային գիտութիւններու վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած բնիկ ժողովուրդներու նուիրուած, « Բնիկ ժողովուրդներուն գիտելիքներու ու գիտութիւններու մասին» նիւթով համաժողովի մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 14 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական գիտութիւններու եւ ընկերային գիտութիւններու վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած բնիկ ժողովուրդներու նուիրուած, «Բնիկ ժողովուրդներու գիտելիքներու ու գիտութիւններու մասին» նիւթով համաժողովի մասնակիցները ու այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամը ընթերցեց, Հայր Լուիճին ճիրոլին։

Գիտաժողովին մասնակիցներուն փոխանցած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց համաժողովին մասնակիցները ու բարձր գնահատեց տեղի ունեցած միջոցառումը նշելով, որ անիկա «որակեալ ներդրում է ճանչնալու համար բնիկ ժողովուրդներուն իմաստութեան մեծ արժէքը եւ խթանելու մարդկային համապարփակ կայուն զարգացումը»։

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ յիշեալ համաժողովը հնարաւորութիւն է նաեւ փոխադարձ ունկնդրութեան մէջ զարգանալու. «Լսել բնիկ ժողովուրդները՝ սորվելու համար իրենց իմաստութիւնէն եւ ապրելակերպէն, միաժամանակ ունկնդրելու գիտնականները՝ իրենց ուսումներէն սորվելու համար», ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով նաեւ, որ այս գիտաժողովը ուղերձ կ՝ուղղէ կառավարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որպէսզի անոնք ճանչնան եւ յարգեն մարդկային մեծ ընտանիքին մէջ տարբերութեան հարստութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ «Մարդկութեան հիւսուածքին մէջ կան տարբեր մշակոյթներ, աւանդութիւններ, հոգեւորականութիւն, տարբեր լեզուներ ու անհրաժեշտ են, որ անոնք պահպանուին, որովհետեւ անոնց կորուստը բոլորիս համար՝ գիտելիքներուն, ինքնութեան, յիշողութեան աղքատացում կը համարուի, այս իսկ պատճառով» ըսաւ Սրբազան Հայրը, «անհրաժեշտ են, որ գիտահետազօտական նախագիծերը, հետեւաբար ներդրումները պէտք են որ միշտ վճռականապէս ուղղուած ըլլան մարդկային եղբայրութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան խթանման, որպէսզի հարստութիւնները համակարգուած կերպով բաշխուին, ընդհանուր տան եւ ժողովուրդներու ընտանիքին վրայ ազդող հրատապ մարտահրաւէրներուն արձագանգելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Աստուած մեզ դարձուցած է երկրագունդի պահապաններ եւ ոչ թէ սեփականատէրերը ու բոլորս կանչուած ենք բնապահպնական դարձին ու  պարտաւորուած ենք փրկելու մեր ընդհանուր տունը ինչպէս նաեւ ապրելու միջսերնդային զօրակցութեան մէջ՝ պաշտպանելու համար ապագայ սերունդներուն կեանքը՝ հարստութիւնները վատնելու, անհաւասարութիւնները, շահագործումը եւ քանդումը աւելցնելու փոխարէն։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց քաջալերելով համաժողովի մասնակիցները կենսական աւիշ քաղելու իրենց նախահայրերու իմաստութեան ժառանգութենէն, ինչպէս նաեւ իրենց ժողովի գիտական հետազօտութիւններէն, շարունակելու համար միասնաբար աշխատիլ ճշմարտութեան, ազատութեան ,երկխօսութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան համար։ Սրբազան Հայրը վստահեցուց նաեւ, որ եկեղեցին միշտ անոնց կողքին է, դաշնակիցը բնիկ ժողովուրդներուն ու անոնց գիտութիւններուն,դաշնակիցը գիտութեան՝ աշխարհի մէջ զարգացնելու համար եղբայրութիւնն ու ընկերային բարեկամութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը, Ան ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 10:26