Ֆրանչիսկոս Պապ. Եկեղեցին պէտք է միշտ եւ ամենուրեք ըլլայ վայր մը ուր իւրաքանչիւր անձ կրնայ իր տան մէջ զգայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական համաժողովի անդամները՝ իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով ու անոնց ուղղեց պատգամ մը։ Քահանայապետը տակաւին հարբուխէ բռնուած ըլլալու պատճառով, իր պատգամը ընթերցեց Հայր Փիերլուիճի Ճիրոլին։
Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովին անդամներուն կատարած կարեւոր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ անձնական եւ հաւաքական վկայութեան համար մատնանշելով որ սեռային չարաշահումի թիրախ անձերուն հոգ տանիլը քաջ կոչումն է, որ կը ծնի եկեղեցւոյ սիրտէն, որուն կ՝օգնէ աճելու եւ մաքրուելու։
Նորին Սրբութիւնը ապա բարձր գնահատեց համաժողովի առաքելութիւնները ըսելով «Վերջին տարիներուն ընդլայնուած է խորհուրդներ եւ խորհրդատուութիւններ տալու ձեր պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ առաջարկելու առաւել համապատասխան նախաձեռնութիւններ՝ անչափահասները եւ խոցուած անձերը պաշտպանելու համար», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով համաժողովին անդամները շարունակել այդ ծառայութիւնը, խմբային հոգիով՝ կառուցելով կամուրջներ, որոնք աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնեն ձեր հոգատարութիւնը ուրիշներուն հանդէպ»։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ կարելի է յուսալքուիլ սեռային չարաշահումներու գայթակղութիւններուն եւ զոհերուն տառապանքներուն դիմաց, որովհետեւ քանդուած կեանքերու հիւսուածքը վերականգնելը եւ ցաւ բուժելը մեծ մարտահրաւէր մըն է եւ բարդ։ «Սակայն պէտք չէ պակսի ձեր յանձնառումը, ընդհակառակը ձեզ կը քաջալերեմ յառաջ երթալու, որպէսզի եկեղեցին միշտ եւ ամենուրեք ըլլայ վայր մը ուր իւրաքանչիւրը կրնայ իր տան մէջ զգալ եւ իւրաքանչիւր անձ կը յամառուի սուրբ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ եկեղեցական շրջանակէն ներս, սեռային չարաշահումի զոհերուն նեցուկ գտնուիլը վերացական գաղափար մը չէ, այլ շօշափելի իրականութիւն մը, որ բաղկացած է լսումով, միջոցառումներով, օգնութիւնով եւ կանխարգիլումով։
Նորին Սրբութիւն շնորհակալութիւն յայտնեց անչափահասներուն պաշտպանութեան համաժողովի անդամներուն, սեռային չարաշահումի զոհերը եւ վերապրողները ընկերանալմուն համար, «Այս ծառայութեան մեծ մասը կը կատարուի գաղտնի կերպով, որ պէտք է այդպէս ըլլայ՝ մարդիկը յարգելու համար»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ կ՝եզրափակէ շնորհակալութիւն յայտնելով համաժողովին անդամներուն տեղական եկեղեցիներուն մատուցած ծառայութիւններու համար, «որոնք արդեն մեծ պտուղներ կը բերեն... «եւ ձեր դիտարկումները մեզ պիտի պահպանեն ճիշդ ուղեւորութեան մէջ, որպէսզի եկեղեցին շարունակէ իր ամբողջ ուժերով յանձնառու դառնալու սեռային չարաշահումներուն կանխարգիլման մէջ, անոնց վճռական դատապարտումով, զոհերու հանդէպ կարեկից ուշադրութեամբ, ինչպէս նաեւ ապահով եւ հիւրընկալ վայր ըլլալու մշտական յանձնառութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ