Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Սուրբ Թովմաս Աքուինացի 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սուրբ Թովմաս Աքուինացիին մահուան 750-րդ տարելիձի առթիւ կազմակերպուած գիտաժողովի անդամներուն։

Նորին Սրբութիւնը իր երկար պատգամին մէջ կ՝անդրադառնայ Սուրբ Թովմաս Աքուինացցին իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական աշխատանքներուն վստահեցնելով, որ գիտաժողովին մասնակցիները ոգեշնչում, լուսաւորութիւններ պիտի գտնեն՝ տարբեր ընկերային գիտութիւններուն մէջ՝ իրենց ներդրումին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Թովմաս Աքուինացիին մահուան 750-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ, Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառը կազմակերպեց ուսումնաժողով «Աքուինացիի Ընկերային էակաբանութիւն եւ բնական իրաւունքը՝ հեռանկարով։ Խորաթափանցութիւններ ընկերային գիտութիւններուն մէջ եւ անոնց համար»։ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով մը ողջունեց 7էն – 8 մարտ 2024ին, տեղի ունեցած ուսումնաժողովի մասնակիցները, գնահատեց անոնց աշխատանքը,  ապահովուեց նաեւ իր աղօթքը ժողովին քննարկումներուն արդիւնաւորութեան համար։

«Սուրբ Թովմաս Աքունացիին աշխատանքը ցոյց կու տայ իր յանձնառումը՝ հասկնալու Աստուծոյ յայտնած խօսքը՝ իր բոլոր ծաւալներով, միաժամանակ իր ուշագրաւ բաց գնտուիլը՝ մարդկային բանականութեան հասանելի իւրաքանչիւր ճշմարտութեան համար։ Աքունիացին կրցաւ ձեռք բերել հարուստ իմաստասիրական ժառանգութիւն մը, զոր մեկնաբանեց Աւետարանի աչքերով, հաստատելու համար, որ մարդը ամենազնիւ բան է, որ կը գտնուի Աշխարհին մէջ» նշուած է Քահանայապետին պատգամի մէջ ,ուր աւելցուած է, որ Աքուինացին կը պաշտպանէ մարդկային անձին ներքին արժանապատուութիւնն ու միասնութիւնը, որ կը պատկանի ֆիզիքական աշխարհի՝ մարմնի եւ հոգեւոր ուժով ինչպէս նաեւ բանական հոգիի ուժով. Արարած մը որ կարող է տարբերելու լաւը չարէն։ 

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կը շեշտէ, որ այսօր հրամայական է վերականգնել Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը իմանալու եւ հասարակութեան մէջ ապրելու բնական հակուածութեան դիտարկումը՝ ընկերային միտքն ու քաղաքականութիւնը ձեւաւորելու համար, որոնք կը նպաստեն եւ ոչ թէ կը խոչընդոտեն անհատներուն եւ ժողովուրդներուն իրական մարդկային զարգացումը։

Նորին Սրբութիւնը երկար անդրադարձ կատարելէ ետք Սուրբ Թովմաս Տաքունացիին իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական աշխատանքներուն, պատգամը կ՝եզրափակէ նշելով, որ մինչ գիտաժողովին մասնակիցները այս օրերուն կը մօտենան Սուրբ Թովմաս Աքունացիի կրօնական, բարոյական, ընկերային հարուստ մտաւոր ժառանգութեան, ինք վստահ է, որ անոն պիտի գտնեն ոգեշնչում, լուսաւորութիւններ տարբեր ընկերային գիտութիւններուն մէջ իրենց ներդրումին համար։

Սրբազան Հայրը պատգամը կ՝աւարտէ ապահովուելով իր աղօթքը, որպէսզի ուսումնաժովի իւրաքանչիւր անդամ իրենց աշխատանքին, կեանքին մէջ իրականացումգտնէ «մեր ընդհանուր յանձնառումին մէջ, նպաստելու եղբայրութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ապագային մը՝ մարդկային ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2024, 12:33