Որոնել

Լամփետուզա կղզիին մէջ գաղթականներ Լամփետուզա կղզիին մէջ գաղթականներ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պայքարիլ փախստականներու հանդէպ անտարբերութեան դէմ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Զատիկը մեր գաղթական եղբայրներուն հետ։ Քոլոմպիայի եւ Քոսթա Ռիքայի սահմանի եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ Փանամայի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպում» վերտառութեամբ գումարուած համաժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 21 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց, «Զատիկը մեր գաղթական եղբայրներուն հետ։ Քոլոմպիայի եւ Քոսթա Ռիքայի սահմանի եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ Փանամայի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպում» վերտառութեամբ գումարուած համաժողովին մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յիշելով Մատթէոս աւետարանին մէջ նշուած առաքեալներուն Յիսուսի ուղղած այն հարցումը, թէ ուր պիտի պատրաստեն զատիկը, նշեց թէ այսօր, Քոլոմպիայի, Քոսթա Ռիքայի եւ Փանամայի մէջ ուխտաւոր եկեղեցին միանալով Յիսուսին կը պատասխանեն ըսելով, որ զատիկը կ՝ուզեն նշել, «Տարիէնի մէջ փախստական եղբայրներու եւ քոյրերու հետ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով փախստականներուն կեանքի կապուած դժուարութիւններուն, նշեց որ Լատին Ամերիկիոյ, Քարաիպիեան կղզիներուն մէջ, Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերը միշտ մտահոգութիւն կը յայտնեն գաղթականութեան գծով ու  կը փորձեն առանց սահմաններուն եկեղեցի դառնալ։ Բոլորին Մայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց եպիսկոպոսները անխոնջութեամբ աշխատելու, որպէսզի արմատախիլ ըլլայ փախստականներու հանդէպ անտարբերութիւնը ու իւրաքանչիւր եղբայր եւ քոյր փախստական մը, եկեղեցւոյ մէջ գտնէ վայր մը ուր չզգար դատապարտուած այլ կը զգայ սիրուած, ուր կարելիութիւնը ունենայ յագեցնելու իր անօթութիւնն ու ծարաւը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց եպիսկոպոսներէն որ երբեք չ՝անտսեսեն փախստականներու յատկացուած կառոյցները, որոնք կարիքաւոր եղբայրներու համար ընդունելութեան հնարաւորութիւն են եւ խրախուսեց միջազգային ընտանիքին հետ միացնելու բոլոր ջանքերը, որպէսզի բոլոր փախստականները իրաւունք ունենան մնալու իրենց երկրին մէջ ապրելով արժանավայել եւ խաղաղ կեանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 12:37