Քահանայապետին թուիթը նուիրուած կիներուն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Երբ կիներու ձայներն ու փորձառութիւնները լսելի ըլլան, համայն ընկերութիւնը կը հարստանայ խորապէս։ Միասին աղօթենք` որպէսզի հանդիպումի եւ երկխօսութեան միջոցաւ «Կանացի հանճարը» կարող ըլլայ ծաղկիլ ժամանակակից աշխարհին մէջ» այս կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այսօր` 7 Մարտ 2024ին ընկերային «ԻՔՍ» ցանցային հարթակին վրայ կատարած գրառումին մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է յանուն Քահանայապետին Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառայի ստորագրութիւնը կրող պատգամէ մը, որ ուղղուած էր Միջազգային Քարիթասի կողմէ կազմակերպուած «Առաջնորդ կիներ` դէպի աւելի լաւ ապագայ» խորագիրով համաժողովի մասնակիցներուն, որուն մէջ մաղթանք կը յայտնուի նաեւ բոլորի կողմէ աւելի մեծ յանձնառումի մը, ըլլայ Եկեղեցւոյ ըլլայ համայն աշխարհին մէջ, խթանելու հաւասարութեան յարգանքը եւ այր մարդու ու կնոջ միջեւ արժանապատւութեան հաւասարութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ