Օգտուինք այս պահքի շրջանէն՝ պայքարելու մեր հպարտութեան դէմ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին 6 Մարտ 2024ի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան նիւթը հանդիսացաւ հպարտութիւնը։
Արդարեւ չորեքշաբթի 6 Մարտ 2024ի առաւօտեան Ան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը Քահանայապետը նշեց թէ խորհրդածութիւնը պիտի կարդայ իր համագործակիցներէն մին տրուած ըլլալով որ ինք տակաւին կը տառապի հարբուխէն։
Խորհրդածութեան մէջ նշուած էր` թէ մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին խորհրդածութիւններու ուղեւորութեամբ մէջ, այսօր պիտի խօսինք վերջին մոլութեան մասին` հպարտութիւնը։
Հպարտը կ՛արհամարհէ ուրիշները
«Անիկա ինքնապանծացում, ինքնահաւանութիւն, ունայնութիւն... Հպարտը մէկ մըն է, որ կը մտածէ աւելին ըլլալ քան ինչ է իրականութեան մէջ, կ՛ուզէ ճանչցուիլ աւելի մեծ քան միւսները, կը ցանկանայ ճանչցուած տեսնել իր արժանիքները և կ՛արհամարհէ ուրիշները, զանոնք համարելով ստորադաս:
Այս նկարագրութենէն կը տեսնենք թէ հպարտութիւնը շատ մօտիկ է սնապարծութեան։ Բայց եթէ սնապարծութիւնը Եսին հիւանդութիւնն է, ան կը մնայ մանկական հիւանդութիւն, եթէ զայն համեմատենք աւերածութիւններուն, զոր կարող է յառաջացնել հպարտութիւնը:
Ան` որ հպարտութեան մոլութեան կը յանձնուի հեռու է Աստուծմէ։ Իրականութեան մէջ, այս չար, արմատական մեղքի մէջ թաքնուած է, Աստուծոյ նմանելու անհեթեթ պնդումը: Սկզբնական մեղքը, որուն մասին կը պատմէ Ծննդոց գիրքը, հպարտութեան մեղք է: Հոգևոր գրողները կը նշեն, որ հպարտութիւնը կը կործանէ մարդկային յարաբերութիւնները, ընդգծելով, թէ ան կը թունաւորէ եղբայրութեան զգացումը, որ պէտք է, ընդհակառակը, միաւորէ մարդիկը։
Հպարտը ամբարտաւան է
Հպարտը ամբարտաւան է...անիկա դիւրաւ կը դատէ միւսները։ Ան կը մոռնայ, որ Յիսուս Աւետարանին մէջ մեզի քիչ բարոյական ցուցումներ տուաւ, բայց հաստատակամ եղաւ մերձաւորը չդատելու հարցին մէջ: Հպարտին հետ հանդիպելով՝ երկխօսութիւնը յաճախ անհնար կը դառնայ, քանի որ Ան այլևս իրմէ դուրս եկած է: Հարկ է առ այդ շատ համբերատար ըլլալ անոր հետ, քանի որ անոր շէնքը օր մը կը փլուզուի։
Աւետարաններուն մէջ Յիսուս շատ մը հպարտ անհատներու հետ կը հանդիպի։ Ան յաճախ այդ մոլութիւնը կը յայտնաբերէ նոյնիսկ այն մարդոց մէջ, որոնք այդ մէկը շատ լաւ կը թաքցնէին։
Սուրբ Պետրոսի օրինակը
Սուրբ Պետրոս իր հաւատարմութիւնը կը դրսեւորէ ըսելով. «Նոյնիսկ եթէ բոլորն ալ սայթաքին ես երբեք պիտի չսայթաքիմ (տես Մատթ. 26.33): Բայց ան շուտով պիտի ապրի միւսներու նման ըլլալու փորձառութիւնը, ինք եւս չափազանց վախցած մահուան առջև, որ չէր պատկերացներ, որ կարող է այդքան մօտ ըլլալ։ Եւ ահա այսպէս, երկրորդ Պետրոսը, ան որ այլևս իր կզակը չէր բարձրացներ, այլ աղի արցունքներ կը թափեր, կը բուժուի Յիսուսի կողմէն և վերջապէս պիտանի կը դառնայ կրելու Եկեղեցւոյ ծանրութիւնը։
Հեզութիւնը իսկական դարման հպարտութեան
Փրկութիւնը կ՛անցնի հեզութենէն որ իսկական դարմանն է հպարտութեան արարքին։ Մեծացուսցէին մէջ Մարիամ Աստուած կը փառաբանէ, որ իր զօրութեամբ կը ցրուէ ամբարտաւանները։
Անիմաստ է Աստուծմէ բան մը գողանալ, ինչպէս կը յուսայ ընել հպարտը, քանի որ ի վերջոյ Աստուած կը ցանկանայ մեզի պարգեւել ամէն ինչ։
Այդ իսկ պատճառով Յակոբոս առաքեալը հպարտութեան պատճառաւ ներքին բախումներէ վիրաւոր իր համայնքին կը գրէ. «Աստուած կ’ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յակոբոս. 4 . 6)
«Ուստի, սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, եկէք օգտուինք այս պահքի շրջանէն՝ պայքարելու մեր հպարտութեան դէմ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ