Որոնել

Ճանապարհ խաչի եզրափակիչ աղօթքը` Յիսուսին անունը 14 անգամ

Իր առողջութիւնը պահպանելու համար այս տարի եւս Ֆրանչիսկոս Պապը, Քոլլոսէումի տարածքին կատարուած ճանապարհ Խաչի ջերմեռանդական արարողութեան հետեւեցաւ Սանթա Մարթայի իր բնակարանէն։ Բայց ինչպէս նշեցինք ինք պատրաստեց խաչի ճանապարհի 14 կայաններուն խորհրդածութիւններն ու անոնց հետեւող աղօթքները ինչպէս նաեւ արարողութեան եզրափակիչ աղօթքը, որուն մէջ Ան 14 անգամ կրկնեց Յիսուս անունը։ Արարողութեան մասնակցեցան 25 հազար հաւատացեալներ։

Ճանապարհ խաչի արարողութեան Ֆրանչիսկոս Պապին պատրաստած եզրափակիչ աղօթք

Տէր քեզի կ՛աղօթենք, նման Աւետարանի հիւանդներուն, կարիքաւորներուն, դիւրաբեկներուն, որ քեզի կ՛աղերսէին ամենապարզ ու ընտանի բառով. Քու անունդ։

Յիսուս, քու անունդ կը փրկէ, որովհետև դուն մեր փրկութիւնն ես։

Յիսուս դուն իմ կեանքս ես եւ որպէսզի ճանապարհը չի կորսնցնեմ պէտք ունիմ քեզի, որ կը ներես ու կը վերականգնես, որ կը բուժես իմ սիրտս եւ իմաստ կու տաս իմ ցաւիս։

Յիսուս, քու վրադ առիր իմ չարութիւնս եւ խաչին վրայէն ինձ մատնացոյց չես ընէր, այլ կ՛ողջագուրես. Դուն հեզ ու խոնարհ սրտով, բուժէ ինձ ատելութենէն և վրդովմունքէն, ազատէ ինձ կասկածներէ և յուսալքումէ։

Յիսուս, քեզի կը նայիմ խաչին վրայ եւ իմ աչքերուս առջեւ կը տեսնեմ սէրը, իմ էութեանս իմաստը ու իմ ճանապարհորդութեան նպատակը. Օգնէ ինծի, որպէսզի սիրեմ եւ ներեմ, յաղթահարեմ անհանդուրժողականութիւնը և անտարբերութիւնը, չի բողոքեմ։

Յիսուս խաչին վրայ դուն ծարաւի ես, եւ անիկայ ծարաւն է իմ սիրոյս ու իմ աղօթքիս. Անոնց կարիքը ունիս, որպէսզի նպատակին հասցնես բարիի եւ խաղաղութեան քու ծրագիրներդ։

Յիսուս քեզի գոհութիւն կը յայտնեմ անոնց համար, որոնք կը պատասխանեն քու հրաւէրիդ եւ ունին աղօթքի յարատեւութիւնը, հաւատալու քաջութիւնը և դժուարութիւններու մէջ յառաջ ընթանալու հաստատունութիւնը։

Յիսուս քեզի կը ներկայացնեմ քու սուրբ ժողովուրդիդ հովիւները, անոնց աղօթքը թիկունք կը կանգնի հօտին, թող ժամանակ գտնեն քու առջեւդ կենալու, թող իրենց սիրտը պատշաճեցնեն քու սրտիդ։

Յիսուս քեզ կ՛օրհնաբանեմ նուիրեալ հայեցողական կեանք ապրողներուն համար, որոնց աղօթքը, թաքնուած աշխարհին, քեզի հաճելի է, կը պահպանէ Եկեղեցին ու մարդկութիւնը։

Յիսուս քու առջեւդ կը դնեմ ընտանիքները եւ մարդիկը որոնք այս երեկոյ աղօթեցին իրենց տուներուն մէջ, մասնաւորապէս տարեցները, յատկապէս անոնք որոնց առանձին են, հիւանդները, Եկեղեցւոյ գոհարներ, որոնք իրենց տառապանքները կը միացնեն քու տառապանքներուդ։

Յիսուս, թող այս բարեխօսութիւն աղօթքը` հասնի այն քոյրերուն և եղբայրներուն, որոնք աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ կը հալածուին քու անունիդ պատճառաւ, անոնք` որոնք կը տառապին պատերազմի ողբերգութեան բերումով ու անոնք, որոնք քեզմէ ուժ գաղելով կը կրեն ծանր խաչեր։

Յիսուս, քու խաչովդ դուն մեզ բոլորիս դարձուցիր մէկ. հաղորդութեան մէջ, համախմբէ հաւատացեալները, սերմանէ եղբայրական և համբերատար զգացմունքներ, օգնէ մեզի համագործակցելու և քալելու միասին, խաղաղութեան մէջ պահէ Եկեղեցին և աշխարհը:

Յիսուս, սուրբ դատաւոր, որ զիս պիտի կոչես անունովս, ազատէ զիս արագ առնուած դատողութիւններէն, բամբասանքէն ու բռնի ու վիրաւորական խօսքերէն:

Յիսուս, մահէն առաջ դուն կ՛ըսես. «ամէն բան կատարուեցաւ». «Ես, իմ անաւարտութեան մէջ, չեմ կարող ըսել այդ մէկը. բայց ես քեզի կը վստահիմ, որովհետև դուն ես իմ յոյսս, Եկեղեցւոյ և աշխարհի յոյսը:

Յիսուս քեզի այլ բառ մըն ալ կ՛ուզեմ ըսել ու շարունակեմ կրկնել. Շնորհակալութիւն։ Շնորհակալութիւն Տէր իմ եւ Աստուած իմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2024, 22:25