Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը "Cadena 100 por la paz" համերգին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 7 Մարտ 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց "Cadena 100 por la paz" համերգին որ կազմակերպուած է առ ի զօրակցութիւն Սպանիայի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Manos Unidas» ոչ կառավարական կազմակերպութեան, որ կը գործէ աշխարհի հարաւային տարածաշրջանի զարգացումին ի նպաստ։
Սրբազան Պապը պատգամը սկսաւ ակնարկելով աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ պատերազմի պատճառաւ վնասուած ժողովուրդներուն, բազմաթիւ զոհերուն, աւերներուն ու արցունքներուն, ինչպէս Ուքրանիոյ մէջ ու նաեւ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով խաղաղութեան այս համերգի ձեռնարկին համար ու իր այս շնորհակալութիւնը ընդլայնելով բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք իրենց «տաղանդը միացուցին առատաձեռնութեան՝ օգնելու համար անմեղ զոհերը, եւ առաջին հերթին այն պատճառով, որ անոնք ցոյց տուին թէ արուեստն ու երաժշտութիւնը կարող են դառնալ սուրհանդակներ, խաղաղութեան գործիք, կառուցելու համար կամուրջներ»:
«Շնորհակալութիւն նաեւ, որ ձեր հայեացքը այլուր չի դարձուցիք, շնորհակալութիւն որ յանձնառու եղաք անոնց նկատմամբ, որոնք ուղղակիօրէն կը տուժեն պատերազմներու հետեւանքները։ Շնորհակալութիւն «Cadena 100»-ին որ ուզեց այս համերգը կազմակերպել, եւ բոլոր անոնց որոնք առատաձեռնօրէն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեցին պատերազմներէն տուժած աւելի քան 200 ընտանիքներու (Անդրյորդանանի մէջ)» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին ու ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ