«Թող Տէրը ղեկավարներուն շնորհէ կարողութիւնը կանգ առնելու եւ բանակցելու». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 7 ապրիլ 2024ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջոյնի խօսք ուղղելով աղօթքին առիթով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած հաւատացեալներուն նախ յիշեց Հարաւ ափրիկէի մէջ փոխադրակառքի արկածին զոհերը աղօթք խնդրելով անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար։
Սրբազան Պապը ապա յիշեց, թէ երէկ կը յիշատակուէր Զարգացումի ու Խաղաղութեան համար Մարզանքի Միջազգային Օրը, ընդգծելով մարզանքի կարեւորութիւնը` ի սպաս բաց, զօրակից, ու առանց նախապաշարումներու ընկերութեան մը նշելով` որ «ասոր համար հարկաւոր են ղեկավարներ եւ կազմաւորողներ որոնք չենք ձգտիր միայն շահին ու յաղթանակին», ապա հրաւիրեց խթանել մարզանք մը, որ յառաջացնէ ընկերային բարեկամութիւն եւ եղբայրութիւն»։
Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց նաեւ աղօթելու խաղաղութեան համար` արդար ու մնայուն խաղաղութեան մը, «մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի համար» ըսաւ Ան հայցելով որ «Յարուցեալ Տիրոջ հոգին լուսաւորէ ու թիկունք կանգնի անոնց` որոնք կ՛աշխատին նուազեցնելու համար լարուածութիւնները ու խթանելու արարքներ, որոնք կարելի կը դարձնեն բանակցութիւնները»։
«Թող Տէրը ղեկավարներուն շնորհէ կարողութիւնը կանգ առնելու եւ բանակցելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ողջունեց ս. Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները որոնց շարքին նաեւ Էրպիլի Մար Քարտախ կաթողիկէ դպրոցին աշակերտները ու Աստուածային Ողորմութեան հոգեւորականութիւնը մշակողները։
Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ