Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Սիտնէյի մէջ ահաբեկչական դաժան արարքին ի լուր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Խոր տխրութեամբ ֆրանչիսոս Պապ իմացաւ Սիտնէյի մէջ առեւտուրի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած դաժան ահաբեկչական արարքի լուրը, ուր վեց անձեր դանակահարուելով սպաննուեցան մէկ մարդու մը ձեռլով», գրեց Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով Սիտնէյի թեմի արք. գերապայծառ Անթոնի ֆիշերի յղած հեռագիրին մէջ, որուն մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնը, բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան այդ դաժան արարքին ու բոլոր անոնց որոնք կը ողբան իրենց սիրելիներուն կորուստը։
Կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ վստահեցուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ մեռեալներուն, վիրաւորներուն եւ շտապ օգնութեան հասնող անձերուն համար ու «Աստուածային օրհնութիւնը կը հայցէ ազգին վրայ։
Նշենք, թէ Սիտնէյի տեղական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ Westfield առեւտրական կեդրոնին մէջ զոհերը՝ մէկ մարդ եւ հին կիներ էին, անոնց շարքին ինը ամսուայ մանուկի մը մայրը։ Մանուկը վիրաւորուած ու ծանր պայմաններու մէջ փոխադրուեցած է հիւանդանոց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ